Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 15 Նոյեմբերին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոէլ Պարոյի հետ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ նախարարները քննարկեցին երկկողմ օրակարգի հարցեր եւ գոհունակութեամբ ընդգծեց Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան եւ միացեալ ծրագիրներու իրականացման միջոցով յարաբերութիւններու զարգացման աշխոյժ ընթացքը։
Ըստ նոյն նախարարութեան` Միրզոյեան եւ Պարոն պայմանաւորուեցան շարունակել երկու երկիրներուն միջեւ բոլոր ուղղութիւններով գործընկերութեան հետագայ խորացման միտող ջանքերը, որոնց կարգին՝ երկու նախարարութիւններու սերտ փոխգործակցութեան միջոցով: Անոնք նաեւ միտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանային հարցերու շուրջ: