ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարութեամբ մը անդրադարձաւ Պաքուի մէջ գումարուող ՔՈՓ 29ին՝ շեշտելով, որ անոր մասնակցող գործընկերներէն կ՛ակնկալուի դատապարտել Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կատարած յանցագործութիւնները, ինչպէս նաեւ բարձրացել ապօրինաբար Պաքու բանտերուն մէջ պատուող գերիները:
Ըստ անոր՝ այն պետութիւնները եւ միջազգային կազմակերպութիւնները, որոնք բարձր մակարդակով կը մասնակցին բռնապետական Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող ՔՈՓ 29 համաժողովին՝ առանց բարձրաձայնելու Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուած ցեղային զտումներու եւ հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակման հարցը, անուղղակիօրէն կ՛արդարացնեն Պաքուի պատերազմական յանցագործութիւնները՝ խրախուսելով Հայաստանի նկատմամբ նոր յարձակում մը:
«Առանձնայատուկ ուշադրութեան է արժանի Եւրոպական խորհրդի նախագահ Շարլ Միշէլի լուռ մասնակցութիւնը Բաքւում ընթացող ՔՈՓ 29 համաժողովին, ինչը երեսպաշտութեան, երկակի ստանդարտների (չափանիշներու), Եւրոպական Միութեան հիմնարար արժէքները դաւաճանելու խօսուն օրինակ է:
«Մարդ, ով հանդիսացել է Արցախն Ադրբեջանի կազմում ճանաչելու Փաշինեանի յանցաւոր յայտարարութեան կնքահայրերից մէկը, առնուազն կրում է պատասխանատուութիւն իր պրոպագանդած (քարոզած) գործընթացի հետեւանքների համար: Իսկ այդ գործընթացի հետեւանքն Արցախի ամբողջական հայաթափումը, այնտեղ իրականացրած էթնիկ զտումը եւ Բաքուի բանտերում աւելացող հայ ռազմագերիներն են: Ուստի, հայ ռազմագերիների անյապաղ ազատ արձակման պահանջի բարձրաձայնումը նուազագոյն բարոյական պարտականութիւն է անձամբ Շարլ Միշէլի համար», գրած է Սաղաթէլեան:
Ան գնահատելի նկատեց այն, որ շուրջ 6 ամիսներու տարաբնոյթ աշխատանքներու իբրեւ արդիւնք ՔՈՓ 29ին բարձր մակարդակով չեն մասնակցիր բազմաթիւ, նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններ, որոնց ղեկավարները ներկայ էին նախորդ համանման նախաձեռնութիւններուն: Ան ողջունելի սեպեց նաեւ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն դատապարտող յայտարարութիւնները՝ Ատրպէյճանի քաղաքականութեան, Արցախի մէջ անոր կատարած ցեղային զտումին, Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ու հայ գերիներու բանտարկութեան ու մարդու իրաւունքներու աղաղակող խախտումներուն:
«Համաժողովին մասնակցող մեր բոլոր գործընկերներից ակնկալում ենք Արցախում Ադրբեջանի իրականացրած յանցագործութիւնների հասցէական դատապարտում եւ բոլոր հայ գերիների անյապաղ ազատ արձակման պահանջի բարձրաձայնում», եզրափակեց Սաղաթէլեան: