Հայ հնագէտներու վերջին տարիներու կատարած հնախուզական աշխատաքներուն իբրեւ արդիւնք, Հայաստանի մէջ յայտնաբերուեցաւ Գառնիէն ետք երկրորդ հեթանոսական տաճարը: Երեւանէն մօտաւորապէս 30 քմ. հարաւ-արեւելք գտնուող, ներկայ Արտաշատ քաղաքէն ոչ հեռու յայտնաբերուած տաճարը նուիրուած է հայկական դիցաբանութեան արեւի աստծուն՝ Միհրին: Արեւապաշտութեան խորհրդանիշ տաճարը կառուցուած է Արտաշատի մօտ, որ Հայաստանի ամէնէն երկարատեւ մայրաքաղաքը կը հանդիսանայ (Ք.Ա. 2րդ դարէն Ք.Ե. 5րդ դար):
«Տաճարի մնացորդները գտնելով պարզեցինք, որ անիկա աւելի շքեղ ու գեղեցիկ է, քան Գառնիի տաճարը: Իսկ այդ կը նշանակէ, որ գտած ենք պատմական մեծ հարստութիւն մը, զոր պէտք է ամէն գնով պահպանել», կ’ըսէ հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար, 72ամեայ Ժորէս Խաչատրեան:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի աշխատակիցներէն կազմուած 15 հոգինոց արշաւախումբը հին մայրաքաղաք Արտաշատի տարածքին պեղումները սկսած էր 1970ական թուականներէն: Մինչեւ այդ թուականը, Խորհրդային Միութեան ղեկավարները արտօնութիւն չէին տուած Թուրքիոյ սահմանամերձ շրջանին մէջ լայնածաւալ պեղումներ կատարելու:
Գտածոները կը վկայեն, որ Արտաշատ իր ծաղկման շրջանին օգտագործած է մօտաւորապէս 400 հեքթար տարածք եւ ունեցած է 150,000 բնակիչ: Իսկ պաշտպանական պարիսպներու շրջագիծը եղած է 10,000 մեթրէն աւելի, որուն 4500ը հնագէտները բացած են 1970-1980ականներուն:
Մայրութեան եւ պտղաբերութեան աստուածուհի Անահիտին նուիրուած տաճարի վայրին մէջ կառուցուած Խոր Վիրապ եկեղեցւոյ կից 12 բլուրներու վրայ հիմնուած քաղաքը եղած է առեւտրական մեծ կեդրոն, որուն մասին կը վկայեն՝ գտնուած 1000 տեսակի աւելի կնքադրոշմները:
«Բլուրներու ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուին, որ Արտաշատ կառուցուած է կանոնաւոր յատակագիծով եւ ծրագրաւորուած: Դժբախտաբար, բոլոր բլուրները ուսումնասիրել չենք կրնար. Արտաշատի սիրտը կառուցուած է մարմարի հանքի վրայ, որ բազմիցս պայթեցուած է եւ գետնին հաւասարեցուցած՝ այդ հատուածը», ափսոսանքով կ’ըսէ հնագէտ Խաչատրեան, որ արդէն 60 տարիէ աւելի է, որ կը գործէ հնագիտութեան աշխարհին մէջ՝ տարուան մեծ մասը անցընելով հնավայրերու մէջ: Ան մասնակցած է նաեւ Սան Փեթերսպուրկի (նախկին Լենինկրատի), Խրիմի, Անապայի պեղումներուն:
Հնագիտական խումբը յաջողած է գտնել նաեւ Արտաշատի հանրային բաղնիքը՝ 7 սրահներով:
«Կան խճանկար յատակ եւ առուակ, յայտնաբերուած են գեղեցիկ նախշերով պատուանդաններ ու լողաւազաններ: Ինչպէս նաեւ գտնուած է աւելի քան 2000 տարուան պատմութիւն ունեցող կոյուղիով պէտքարան՝ բան մը, որուն մեր օրերու գիւղերու մէջ անգամ չես հանդիպիր», ծիծաղելով կ’ըսէ հնագէտը:
1988 թուականի Ղարաբաղեան շարժման, այնուհետեւ ճգնաժամային տարիներու ընթացքին կանգ առած էր նաեւ հնագէտներու աշխատանքը: Նորանկախ Հայաստանի հնագիտական կեանքը նոր շունչ առաւ 2000ականներու սկիզբը:
2003ին կրկին կազմուեցաւ արշաւախումբը, սակայն 15ի փոխարէն արդէն սակաւաթիւ խումբով. մեծ խումբի համար միջոցները չէին բաւարարեր:
«Մենք ի սկզբանէ գիտէինք, որ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցած է տաճար, որ քրիստոնէութեան տարածման ժամանակ, այսինքն՝ 4րդ դարուն, Տրդատ թագաւորի օրօք աւերուած է: Բայց չէինք գիտեր, թէ ճշգրիտ ո՞ւր կը գտնուի եւ ի՞նչ չափերու է», կ’ըսէ Խաչատրեան:
Արդէն 5 տարի է, որ փոքրաթիւ միջոցներով հնագիտական խումբը կը պեղէ հին Արտաշատը: Վերջին ուսումնասիրութիւններն ալ յանգեցուցին վերջին եզրակացութիւններուն. Միհր աստուծոյ նուիրուած տաճարը կառուցուած է Արաքս գետի ձախ ափին գտնուող թումբի մը վրայ, որուն վրայ դէպի վեր կը խոյանար կրաքարակերտ սրբավայրը: Պեղումներուն իբր արդիւնք բացուած են նաեւ տաճար տանող 23 աստիճանահարթակները:
Այս տարուան պեղումներուն համար պետական գանձարկղէն տրամադրուած է 1.62 միլիոն դրամ: Խաչատրեանի խօսքերով՝ այդ գումարը հազիւ կրնայ բաւել դամբարան մը պեղելու համար, մինչդեռ իրենք ամբողջ քաղաք մը կը պեղեն:
Հնագէտը կը հպարտանայ իր խումբի աշխատանքով, բայց կը դատապարտէ գիւղական համայնքներու ղեկավարներու աշխատանքը, որուն ի հետեւանք այսօր կը վաճառուին Արտաշատի հողերը, որոնց տակ թաղուած է Հայաստանի պատմութեան ամենակարեւոր էջերէն մէկը:
«Կ’ըսեն, որ վաճառուած է 6 հեքթար, բայց մեր աչքերը մեզի ուրիշ չափ կ’ըսեն՝ մօտաւորապէս 60 հեքթարի մօտ: Վաղը միւս օր այդ տեղերը դղեակներ կը կառուցուին՝ հիմնայատակ թաղելով մեր անցեալը», կը վրդովուի Խաչատրեան՝ յուսալով փրկել գոնէ մնացած տարածքները:
Հնագէտը կը կարծէ, որ պեղումներու վերջաւորութեան միայն կրնայ պարզուիլ, եթէ տաճարը կարելի է վերականգնել, սակայն համոզուած չէ, որ հնարաւոր կ’ըլլայ նիւթապէս հովանաւորողներ գտնել:
ՄԻՀՐ
Հեթանոսական դիցաբանութեան մէջ կենսատու լոյսի, մաքրութեան, բարութեան, ճշմարտութեան եւ արեգակի աստուածը: Հնագոյն ժամանակներուն Միհրականութիւնը (Միթրաիզմ) տարածուած էր տարբեր քաղաքակրթութեանց մէջ: Միհրին նուիրուած տաճարներ գոյութիւն ունէին Հնդկաստանի, Պարսկաստանի, Հայաստանի, Յունաստանի եւ Հռոմէական կայսրութեան մէջ:
Ըստ պարսկական աւանդութեան, Միհր Արամազդի որդին էր, որ երկրի վրայ կռուած ու յաղթած էր չար ոգիներուն, ապա համբարձած երկինք: Ըստ նոյն աւանդութեան, Միհր երկորդ գալուստով պիտի յայտնուէր երկրի վրայ եւ ազատէր մարդկութիւնը չար ոգիներէն ու մահէն. իր դատաստանին պիտի ենթարկուէին ննջեցեալները, արդարները յարութիւն պիտի առնէին, իսկ մեղաւորները՝ պատժուէին:
Հայաստանի մէջ Միհրին նուիրուած սրբատեղիներ կը գտուէին զանազան շրջաններու մէջ: Մայր տաճարը կը գտնուէր Բարձր Հայքի Դերջան գաւառի Բագառիճ աւանին մէջ, որ 301էն ետք վերածուեցաւ եկեղեցիի:
Միհրի անունը փոխանցուած է հայկական «Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպի երկու հերոսներուն՝ Մեծ Մհերին եւ Փոքր Մհերին: Հայկական աւանդութեան համաձայն, Վան քաղաքի մօտակայ քարայրի մը մէջ բանտարկուած Փոքր Մհերը, օր մը դուրս գալով պիտի փրկէ մարդկութիւնը եւ յաղթէ չարին: