
ՓԱՆՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆ
12 Հոկտեմբեր 2024ին, Նիւ Եորքի մէջ կայացած 93րդ Ընդհանուր ժողովին, ՀԲԸՄի նախագահական ջահը Պերճ Սեդրակեանէն փոխանցուեցաւ Սէմ Սիմոնեանին: Շատ պիտի փափաքէի անձամբ ներկայ ըլլալ փոխանցման արարողութեան, սակայն յառաջացած տարիքս չարտօնեց ինծի նման քայլ մը առնելու: Ես փորձեցի կարելի չափով մօտէն հետեւիլ անկիւնադարձային այդ պահուն: Այժմ աչքիս առջեւ ունիմ Պերճ Սեդրակեանի հրաժեշտի ելոյթը, ինչպէս նաեւ Սէմ Սիմոնեանի պաշտօնի ստանձնումի խօսքը: Միութեան 7րդ նախագահ Պերճ Սեդրակեանի 22 տարուան նախագահութեան շրջանը (առաւել, միութեան վերին ղեկավարութեան մէջ իր դերակատարութեան աւելի քան 45 տարիները), յատկանշուեցաւ մեր ժողովուրդի եւ ընդհանրապէս աշխարհի պատմութեան ամենաբարդ եւ աննախադէպ զարգացումներով եւ յաճախ աղէտալի հետեւանքներով, որոնց դէմ յանդիման միութիւնը հաւատարիմ իր առաքելութեան, գործեց անխոնջ, քայլ պահեց սրընթաց փոխուող ժամանակներուն հետ, արդիւնաւորութեամբ յառաջ տարաւ իր ազգանուէր ծառայութիւնը, մնալով միասնականութեան օրինակ եւ խորհրդանիշ, որպէս հայ ժողովուրդին եւ լայն շրջանակներու համակրանքը եւ վստահութիւնը վայելող կազմակերպութիւն: Այժմ այդ շրջանը կ՛անցնի պատմութեան դատաստանին եւ նոր էջ մը կը բացուի միութեան կեանքէն ներս, Սէմ Սիմոնեանի որպէս Միութեան 8րդ նախագահ պաշտօնի ստանձնումով:
Ամէն բանէ առաջ, մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին ներկայ օրհասական լինելու չլինելու անորոշ անկիւնադարձին, կը փափաքիմ ղեկավարութիւն հասկացողութեան մասին ընդհանուր կարգ մը միտքեր յայտնել:
Վահան Թէքէեան Հայոց Ցեղասպանութեան անմիջապէս յաջորդող շրջանին իր մէկ բանաստեղծութեան մէջ հետեւեալ միտքը կը պարզէ. «Կարենալ ապրելու համար այսուհետեւ մենք պէտք ունինք հպարտութեան»: Իսկ մենք այս պահուն կարենալ ապրելու համար ամէն բանէ առաջ պէտք ունինք ղեկավարութեան: Այս խօսքը որքան ճիշդ է հայրենիքին համար, նոյնքան եւ աւելի ճիշդ է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր միութեան համար:
Սէմ Սիմոնեանին գործածած բառերով՝ «As we honor our past achievements and progress, it is essential not to be wedded to and cling to outdated methods. This is the age of the internet, technology, and artificial intelligence, and our approach to educating and engaging the youth must evolve to make the most of these transformational advances» (Մինչ կը գնահատենք մեր անցեալի ձեռքբերումները եւ յառաջդիմութիւնները, անհրաժեշտ է չփարիլ կամ կառչած չմնալ ժամանակավրէպ գործելակերպերու: Ասիկա համացանցի, ճարտարագիտութեան եւ արուեստական բանականութեան դարն է: Երիտասարդութիւնը դաստիարակելու եւ գործի մղելու մեր մօտեցումները պէտք է մշակուին եւ առաւելագոյնս օգտուին փոխակերպող այս յառաջդիմութիւններէն):
Խտացած ճշմարտութիւնը եւ պահուն պահանջը, ըսուած յստակ, պարզ, գործնական եւ հեռուն նայող տրամաբանութեամբ: Խօսքը ղեկավարութեան մասին է: «Հասկանալ պահը»՝ ամէն ինչ է ղեկավարութեան համար: Ղեկավարութիւնը յարաբերութիւն եւ միաժամանակ պարագայական երեւոյթ է (leadership is both relationship and situational phenomenon)։ Յարաբերութիւն, որովհետեւ հետեւորդները կը փափաքին տեսնել ղեկավարներ, որոնք խորապէս կ՛ըմբռնեն իրենց տենչերն ու կարիքները, ինչպէս նաեւ մարտահրաւէրներն ու ստեղծուած առիթները: Իսկ պարագայականութիւնը կը վերաբերի պահի ճիշդ ըմբռնումին: Այս է ղեկավարութեան ամբողջական հասկացողութիւնը: Եւ վերջին հաշուով, ղեկավարութիւնը արդիւնք տալն է:
Ո՞վ է ՀԲԸՄի նորընտիր նախագահ Սէմ Սիմոնեանը: Ան իր ստեղծած ճարտարագիտական (technology) կրթութեան ճիւղաւորուած համակարգով, յաչս նոր սերունդներուն փաստած է թէ ինք, ինչպէս նաեւ իր եզակիօրէն համեստ տիկինը Սիլվան, սերտօրէն առնչուած են երիտասարդութեան: Այժմ ժամանակն է իրեն գործակից ղեկավարութեան հետ միատեղ, միութիւնը առաջնորդելու դէպի նոր ապագայ:
Ինչո՞ւ Սէմ Սիմոնեան ներշնչող դէմք մըն է: Իր համեստ ծագումը, այն, որ ինք ծնունդ առած է Լիբանանի Պուրճ Համուտի հայաշատ միջավայրին ծոցէն, իր փայլուն միտքը, ճարտարագիտական պատրաստութիւնը, զինք դարձուցեր են ստեղծագործ: Իր հայրն ու ինք եւ իր տիկինը, իրենց ազգային կրթութիւնը ստացեր են ՀԲԸՄի վարժարաններէն ու հասակ առեր Պօղոս Նուպարներու ներշնչող ոգիով: Պողպատեայ կամքով ու հաւատքով ծառայելու համար ժողովուրդի մը, որ կ՛ուզէ ապրիլ, գոյատեւել եւ ստեղծագործել: Այս բոլորին պէտք է միացնել Սիլվային ոսկեղէն սիրտը, պարզութիւնը, ներշնչող հմայքը, մղիչ ուժը, ծառայելու համար ազգին ու հայրենիքին:
Սէմ Սիմոնեանի ելոյթին մէջ կը կարդանք հետեւեալ իմաստուն խօսքերը:
«Our focus remains on ensuring prosperity in Armenia and preserving our identity in the Diaspora, without aligning with or endorsing any political party or agenda» (Մեր մտասեւեռումը կը մնայ բարօրութիւն ապահովել Հայաստանի մէջ եւ պահպանել մեր դիմագիծը Սփիւռքի մէջ, առանց յարելու որեւէ քաղաքական կուսակցութեան հետապնդած նպատակներուն): Աւելի ետք՝ «In the coming year, I plan to visit all of our AGBU chapters and the local constituents they serve, accompanied by Sylva. Her unwavering support for my challenging endeavors is not only comforting but also essential. Together, we aim to build stronger connections with our leadership and communities» (Յաջորդ տարի կը ծրագրեմ Սիլվային ընկերակցութեամբ այցելել ՀԲԸՄի մեր բոլոր մասնաճիւղերը եւ տեղական այն շրջանակները որոնց կը ծառայեն անոնք: Սիլվային անխախտ աջակցութիւնը ոչ միայն օգտակար է իմ դժուար աշխատանքներուս, այլեւ անհրաժեշտ: Միասնաբար, մեր նպատակն է զօրաւոր կապեր եւ յարաբերութիւններ մշակել մեր ղեկավարութեան եւ համայնքներուն հետ):
Վերջացնելէ առաջ իմ խօսքս, կ՛ուզեմ մէջբերել նախագահ Ճան Քենետիի ըսած յայտնի խօսքը, Ամերիկայի նախագահ ընտրուելուն առիթով, 30 Յունուար 1961ին: Ասիկա կ՛ուղղեմ մեր երիտասարդներէն իւրաքանչիւրին՝ «Ask not what your country can do for you; ask what you can do for your country (Մի հարցնէք թէ ձեր երկիրը ինչ կրնայ ընել ձեզի համար, այլ հարցուցէք, թէ դուք ինչ կրնաք ընել ձեր երկրին համար):
Մեր սրտագին բաղձանքն է, որ մեր բարձրացող սերունդը ջանայ տալ իր կարելին, որպէսզի ապրի եւ գոյատեւէ Սփիւռքի հայը, հայրենի ժողովուրդն ու հայրենիքը:
Ընտանեօք սրտանց կը շնորհաւորենք Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեանները, այն հաստատ համոզումով, որ անոնք իրենց առաւելագոյնը պիտի ընծայեն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր միութեան, ազգին ու հայրենիքին: