30 Հոկտեմբերին սփռուած իր հարցազրոյցին ընթացքին, «Սրբազան պայքար»ի առաջնորդ Բագրատ սրբազանը ըսաւ հետեւեալը. «Սա մեզ համար ազգային ազատագրական պայքար է` այսպէս կոչուած իշխանութիւններից ազատագրուելու»։ Ան աւելցուց, որ պայքարը քաղաքական լուծում ունի:
«Քաղաքական լուծումներ կան, դրանց մասին խօսուել է: Տարբերակը, որպէս այդպիսին, մէկն է` հեռացնել այս մարդկանց: Ահա, քաղաքական լուծում եմ ասում: Եւ այդ ճանապարհի մէջ մենք հաստատ համոզումով առաջ ենք գնում», ըսաւ Բագրատ սրբազանը եւ վերահաստատեց, որ իրենք յանձնառու են շարունակելու պայքարի` իրենց ստանձնած պատասխանատուութիւնը:
«Մեր յանձնառութիւնը շատ յստակ է, պատասխանատուութիւնն էլ` շատ յստակ. սա վերաբերում է ամբողջ Հայաստանին, մեր ժողովրդին, մեր ազգին, մեր պատմութեանը, մեր գալիքին: Մենք յանձն ենք առել, այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնել ենք` կասեցնել այս շարունակական աղէտը», ըսաւ ան։
Բագրատ սրբազանը շեշտեց նաեւ, որ պայքարը կը շարունակուի. պիտի հասնին փափաքելի վերջնական արդիւնքին: