Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց միջազգային օրէնքի արժեչափերու բոլոր խախտումները եւ կը միանայ միջազգային ու տեղական դէտերու կոչերուն` ընտրութիւններուն խախտումներու վերաբերեալ բոլոր հաղորդումներու ամբողջական հետաքննութեան վերաբերեալ: Այս մասին կը նշուի նախարար Էնթընի Պլինքընի` Վրաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ ուղերձին մէջ:
Ան կ՛ընդգծէ, որ միջազգային եւ տեղական դէտերը նշեցին, որ նախընտրական միջավայրին մէջ կայ իշխող կուսակցութեան կողմէ պետական միջոցներու չարաշահում, ձայներու գնում եւ ընտրողներու ահաբեկում, ինչ որ նպաստած է անհաւասար միջավայրի մը ստեղծման եւ վտանգած հասարակութեան ու միջազգային վստահութիւնը՝ արդար արդիւնքի կարելիութեան նկատմամբ:
«Միջազգային դէտերը արդիւնքները ազատ եւ արդար չեն նկատած: Մենք Վրաստանի քաղաքական ղեկավարներուն կոչ կ՛ուղղենք` յարգելու օրէնքի գերակայութիւնը, չեղեալ նկատելու հիմնարար ազատութիւնները վտանգող օրէնսդրութիւնը եւ միասին վերացնելու ընտրական հոլովոյթի թերութիւնները: Վրաստանի եւրոպական եւ եւրատլանտեան համարկման նպատակները, որոնք ամրագրուած են երկրին սահմանադրութեամբ, կը պահանջեն, որ կառավարութիւնը յարգէ հանրութեան անդամներուն իրաւունքները եւ Վրաստանի բոլոր քաղաքացիներուն հիմնարար ազատութիւնները», կ՛ըսուի Պլինքընի ուղերձին մէջ:
Իր կարգին, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերու գծով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել Վրաստանին կոչ ուղղեց՝ հետաքննելու ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած խախտումները, բացայայտելու եւ վերացնելու զանոնք: Անոր յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Եւրոպական Միութիւնը ուշադիր կը հետեւի խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախորդող զարգացումներուն, եւ կը շեշտուի, թէ Վրաստանի ժողովուրդը վերջին ամիսներուն ցոյց տուած է իր հաւատարմութիւնը ժողովրդավարական արժէքներուն եւ երկրին՝ դէպի Եւրոպական Միութիւն առաջնորդելու ուղիին:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Ռուսիա վճռականօրէն կը մերժէ Վրաստանի ընտրութիւններուն միջամտելու մասին իր դէմ ուղղուած մեղադրանքները:
Նշենք, որ Վրաստանի իշխող ռուսամէտ քաղաքական ուժը յաղթական հռչակուեցաւ Վրաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, հակառակ ընդդիմութեան բողոքներուն, թէ ընտրական օրէնքներու լուրջ խախտումներ եղած են։