Հայաստան, Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա 2023-2024 գանձային տարուան ընթացքին դարձած են հնդկական պաշտպանական արտադրանքի մեծագոյն ներածողները։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «The Times of India» թերթը` վկայակոչելով իր աղբիւրները:
Ըստ նոյն թերթին՝ հնդկական պետական եւ անձնական ընկերութիւնները զէնքի, զինամթերքի եւ սարքերու լայն տեսականի կ՛արտածեն ընդհանուր առմամբ շուրջ 100 երկիրներ. նախորդ տարի, վաճառքը հասաւ 2.6 միլիառ տոլարի:
Ըստ «The Times of India» թերթին՝ Հայաստան վերջին չորս տարիներուն ընթացքին, Հայաստանի Հնդկաստանի հետ կնքեց կարգ մը համաձայնագիրներ` հրթիռներու, հրետանիի, հրթիռային համակարգերու, ռատարներու, զրահաբաճկոններու եւ գիշերային տեսողութեան սարքերու, ինչպէս նաեւ զինամթերքի եւ հրետանիի լայն տեսականի ներածելու համար:
Թերթը կը նշէ, որ Հայաստան դարձած է հնդկական արտադրութեան «Ակաշ» հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներու առաջին օտարերկրեայ գնորդը:
Երեւան եւ Տելհի բացէ ի բաց կը յայտարարեն, որ 2020ի պատերազմէն ետք կը համագործակցին պաշտպանական ոլորտին մէջ, սակայն գնումներու տեսակները եւ ծաւալները չեն բացայայտուիր: