Փենսիլվանիայի մէջ Երկուշաբթի օր իր մահկանացուն կնքեց թուրք այլախոհ կրօնական Ֆեթհուլլա Կիւլեն, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ արգիլուած FETO կազմակերպութեան հիմնադիրն է եւ ծանօթ է Ամերիկայի մէջ թրքական դպրոցներու իր ցանցով։
1999ին Միացեալ Նահանգներ գաղթած իսլամ քարոզիչը, որ շրջան մը ներկայ նախագահ Էրտողանի դաշնակից էր, Թուրքիոյ մէջ կ՛ամբաստանուի 2016ի յեղաշրջումի փորձը կազմակերպելու յանցանքով։
83ամեայ Կիւլեն օրին դատապարտած էր յեղաշրջումի փորձը եւ մերժած իր հասցէին կատարուած ամբաստանութիւնը։