Իսրայէլեան օդուժը Հինգշաբթի օր յարձակեցաւ Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքի ծայրամասերուն վրայ, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»ն` յղում կատարելով Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին:
Լաթաքիոյ մուտքին մօտ իսրայէլեան յարձակումը յանգեցուց հրդեհներու:
Պատկերասփիւռի կարգ մը կայաններ, ներառեալ՝ «Հատաս»ը, կը պնդեն, որ իսրայէլեան բանակի հարուածը հասցուած է զինամթերքի պահեստներու, այդ պատճառով է որ հրդեհը յառաջացաւ:
Յիշեցնենք, որ իսրայէլեան օդուժը մօտաւորապէս շաբաթ մը առաջ յարձակում գործած էր նաեւ մայրաքաղաք Դամասկոսի կեդրոնական շրջանին մէջ գտնուող բազմայարկ շէնքի մը վրայ: