ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Հինգշաբթի օր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Բագրատունի արժեւորեց ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ Միքաթիի տարած աշխատանքները թէ՛ ներլիբանանեան եւ թէ միջազգային մակարդակներու վրայ: Ան շեշտեց նաեւ ՄԱԿի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան անյետաձգելիութիւնը, ինչպէս նաեւ մարդասիրական աղէտի վերածուող գաղթի զանգուածային երեւոյթին պարտադրած օժանդակութիւններու Լիբանան առաքման հրամայականը:
Միքաթի իր կարգին խօսեցաւ միջազգային ընտանիքին մօտ Լիբանանին զօրակցութիւն ապահովելու համար տարած ճիգերուն եւ Իսրայէլի ցեղասպանական ոճիրներուն դիմաց անտարբերութեան պատը քանդելու նպատակով Պէյրութի կողմէ տարուող քաղաքականութեան:
«Լիբանանի վրայ շղթայազերծուած պատերազմին, միջազգային ընտանիքին լռութեան, համաշխարհային անտարբերութեան եւ Իսրայէլի կողմէ իրերայաջորդ ու մագլցում արձանագրող ոճիրներուն լոյսին տակ, մեր առաջնահերթութիւնը միշտ երկիրն եւ ժողովուրդն են` ներկայ փուլին մէկդի ձգելով տարբեր կարծիքները կամ տարակարծութիւնները, եւ այն, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ձեռք ձեռքի տալ` մեղմացնելու համար տառապանքը, եւ հասնիլ երկրի մը, հայրենիքի մը, որ արժանապատուութեամբ ու հպարտութեամբ կ՛ապրի: Մեկնելով ասկէ, վարչապետի պաշտօնակատարին հետ հանդիպումը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ Լիբանանին հոգալու եւ թիւ 1701 որոշումի գործադրութենէն եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն սկսող լուծումներ գտնելու անոր ջանքերը գնահատելու համար էր: Վարչապետի պաշտօնակատարը շարունակ Լիբանանի մէջ թէ անկէ դուրս կը գործէ, սակայն անոր դիմաց արտասահմանէն որեւէ հետաքրքրութիւն չենք տեսներ: Սակայն, կը յուսանք, որ վարչապետի պաշտօնակատարին ջանքերը ներկայ փապուղիին մէջ որոշ լոյսի մը կը հասնին: Երէկ գումարուած հոգեւոր վեհաժողովէն ետք, պէտք է բոլորս մեր խիղճը քննենք, վերատեսութեան ենթարկենք մեր հաշիւները, մտածենք Լիբանանի ապագային մասին եւ բոլորս զինադադար, բանակի տեղակայում եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն պահանջենք», հանդիպումէն ետք յայտնեց Բագրատունի: