Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիւ Միլլըր լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հնարաւոր համաձայնագիրը կարելի չէ կապել COP29-ի հետ:
«Քանի մը ամիս առաջ մենք կը փափաքէին տեսնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ կը պնդէինք, որ անիկա իրագործուի: Այնուամենայնիւ, անիկա կախեալ է կողմերէն, ոչ թէ` Միացեալ Նահանգներէն», ըսաւ Միլլըր։