Հայաստանի պաշտպանութեան առաջին փոխնախարար, Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար, զօր. Էդուարդ Ասրեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ։
Այս այցելութեան նպատակը 13էն 16 Հոկտեմբերին, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցող Միացեալ Նահանգներու ցամաքային զօրքերու կազմակերպութեան սպառազինութիւններու տարեկան ցուցահանդէսին մասնակցիլն է: