ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վերաքննիչ դատարանը երէկ «Ռոյեալ Արմենիա» ընկերութեան նախագահ Գագիկ Յակոբեանը դատապարտեց 6 տարուան բանտարկութեան՝ գոյքի կէսի չափով բռնագրաւումով: Ան յանցաւոր ճանչցուեցաւ քրէական օրէնքի 178րդ յօդուածով:
Դատը կը նախագահէր Սուրէն Ղազարեան: Ընկերութեան նախկին տնօրէն Արամ Ղազարեան ազատ արձակուեցաւ: