ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ կառուցուող բոլոր վերգետնեայ եւ ստորգետնեայ անցումներու երթեւեկելի հատուածները մինչեւ տարեվերջ բաց պիտի ըլլան: Այս մասին յայտնեց Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Սամուէլ Դանիէլեան եւ նշեց, որ վերջերս աւարտած են Ազատութեան եւ Միասնիկեան պողոտաներու ստորգետնեայ հետիոտն անցումներու երթեւեկելի հատուածներու շինարարական աշխատանքները:
Այդ անցումներուն մէջ մնացած է յարդարման քանի մը օրուան աշխատանք: Աւարտած է նաեւ Խանջեան-Վարդանանց փողոցներու մէկ եւ Իսակովի պողոտայի երեք անցումներու երթեւեկելի հատուածներու ասֆալթապատումը:
Ս. Դանիէլեան յայտնեց նաեւ, որ մինչեւ Դեկտեմբերի աւարտը, ժամանակացոյցի համաձայն՝ բացումը պիտի կատարուին նաեւ Խանջեան-Տիգրան Մեծ փողոցներու խաչմերուկին կառուցուող հանգոյցի Տիգրան Մեծ, ինչպէս նաեւ Իսահակեան-Նալբանդեան փողոցներու խաչմերուկին կառուցուող ստորգետնեայ անցման երթեւեկելի հատուածներուն:
Ըստ Ս. Դանիէլեանի՝ յառաջիկայ օրերուն պիտի աւարտին նաեւ Բաղրամեան-Քիեւեան հանգոյցին կառուցուող վերգետնեայ ճանապարհի աշխատանքները: