ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երկուշաբթի, 7 Հոկտեմբերին, հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու՝ նշեալ զրոյցին ընթացքին երկու ղեկավարները անդրադարձան Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային զանազան նիւթերու։
Էրտողան գոհունակութիւն յայտնեց Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններու ամուր զարգացման նկատմամբ՝ աւելցնելով, որ բարձր մակարդակի վրայ քաղաքական երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի եւ յառաջիկային կողմերը պիտի շարունակեն զանազան առիթներով քննարկել տարածաշրջանային եւ համաշխարհային հարցեր։
Էրտողան նաեւ շնորհաւորեց Փութինի տարեդարձը։