
ՎԱՉԻԿ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
(Ծնեալ՝ Օգոստոս 15, 1934)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին՝ Վաչիկ Խաչատրեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2024ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2024ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (38 Elton Avenue, Watertown, Mass.), ապա թաղումը՝ Westview Cemetery գերեզմանատան մէջ, (Lexington, Mass.)
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Լիւսի Խաչատրեան
Զաւակը՝ Արմէն եւ Բէլլա Խաչատրեան
Դուստրը՝ Ռուզան եւ Սեւակ Աբրահամեան
Թոռները՝
Նայիրի եւ Աւօ Չոլաքեան
Անի Խաչատրեան եւ նշանածը՝ Սեւակ Խաչատուրեան
Էմին եւ Մարալ Աբրահամեան
Եղբօր զաւակը՝ Զարեհ Խաչատրեան եւ տոքթ. Արփի Չալեան եւ դուստրերը՝ Սիրան եւ Գայիանէ
Եղբօր զաւակը՝ Արա Խաչատրեան
Եւ համայն Խաչատրեան, Ջանեան, Աբրահամեան, Գրիգորեան եւ Աղաբաբաեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները։
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ կամ Ս. Ստեփանոս Ազգային Վարժարանի (47 Nichols Avenue, Watertown, Mass.)
ՎԱՉԻԿ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը եւ պաշտօնէութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի եղբօր որդիին՝ «Ասպարէզ»ի խմբագիր Արա Խաչատրեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։