ԷՏԻՆՊՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյթս յայտնեց, որ ՆԱԹՕի անդամ բազմաթիւ դաշնակիցներ Աֆղանիստանի մէջ թալեպաններուն դէմ ճակատումին ամբողջական մասնակցութիւն չեն բերեր։
Կէյթս նշեց, թէ «պիտի ուզէի, որ բոլոր դաշնակիցները մասնակից ըլլան համապարփակ ռազմավարութեան մը, որ թէ՛ ապահովական եւ թէ տնտեսական զարգացում կ՚ընդգրկէ»։
Թալեպաններու դէմ ճակատումներուն մեծամասնութիւնը տեղի կ՚ունենայ ամերիկեան, բրիտանական, քանատական եւ հոլանտական ուժերու հետ։ Մեծ գաղտնիք մը չէ, Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները յուսախաբ են ճակատին վրայ զինուորներ տեղադրելու գծով իրենց եւրոպացի դաշնակիցներուն դժկամութենէն։
Կէյթս մերժեց այդ երկիրներուն անունները նշել, սակայն երբ «Պի.Պի.Սի.»ի լրագրող մը հարցուց, թէ արդեօք յուսախա՞բ է Գերմանիոյ գործելաձեւէն, ան պատասխանեց. «Գերմանացիները Աֆղանիստանի մէջ նկատառելի ներկայութիւն են։ Անոնք կը գտնուին շրջանի մը մէջ, ուր շատ բռնարարքներ տեղի չեն ունենար եւ ճակատումի դիմելու պահանջը իրենց վրայ մեծ չէ որքան անոնց, որոնք կը գտնուին հարաւի եւ արեւելքի մէջ»։
Կէյթս նաեւ ըսաւ, թէ ՆԱԹՕի անդամ երկիրները ռազմավարական ամբողջովին նոր մօտեցում մը պէտք է որդեգրեն Աֆղանիստանի հարցով: Ան յայտնեց, որ Խորհրդային միութեան կողմէ Եւրոպայի գրաւման արգելք հանդիսանալու համար մէջտեղ եկած կազմակերպութիւն մը ներկայիս աշխարհի հեռաւոր շրջաններուն մէջ երկարատեւ հակաըմբոստական մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւէ։ Ան փափաք յայտնեց, որ յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն ընթացքին ռազմավարական նոր ծրագիրի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ։