
ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին, ՀԲԸՄի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին եւ համալսարանին CineCulture ակումբին կազմակերպութեամբ՝ Ուրբաթ, 4 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5։30էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ հայկական 6 կարճ ֆիլմերու ցուցադրութիւնը։
Ստորեւ՝ ֆիլմերուն ցանկը.
– Անահիտ Եահճեանի բեմադրութեամբ՝ «Յիշէ».
– Յասմիկ Մովսիսեանի՝ «250 Քլմ.».
– Առնօ Խայաճանեանի՝ «Անահիտ».
– Անահիտ Եահճեանի՝ «Լեւոն»
– Կարօ Պէրպէրեանի՝ «Դանիէլ»
– Արթուր Սարիբեկեանի՝ «Սահմանէն»։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ համալսարանին «Փիթըրզ» կրթական կեդրոնի սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 5010 N. Woodrow Ave.։ Ֆիլմերուն ցուցադրութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ բեմադրիչներուն հետ քննարկումներ։
Մուտքը ազատ է, սակայն տեղերը սահմանափակ են, իսկ համալսարանին մօտակայ կանգառները այդ ժամերուն կարելի է ձրիաբար օգտագործել:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել cineculture.csufresno.edu կայքը կամ fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: