
Անդրադառնալով Հայաստանի անկախութեան օրուան առիթով Միացեալ Նահանգներու նախագահի դեմոկրատ թեկնածու եւ ներկայիս փոխնախագահ Քամալա Հերիսի կողմէ կատարուած յայտարարութեան, որուն մէջ խաղաղութեան համար կարեւոր կը նկատուէր Արցախի հայութեան վերադարձի ապահովումը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտարարեց հետեւեալը․ «Իբրեւ փոխնախագահ՝ Քամալա Հերիս ամբողջ տարի մը ունէր աշխատանք տանելու Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքին համար՝ Ամերիկայի առաջնորդութեամբ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւի մը միջոցով, սակայն ան հիմա միայն սկսած է խօսիլ (ամերիկահայերուն եւ ոչ թէ ՄԱԿի անդամ երկիրներուն հետ), ընտրութիւններէն միայն 40 օր առաջ, երբ հայ ընտրողները կրնան վճռորոշ ըլլալ առանցքային նահանգներու մէջ: Յատկանշական է, որ փոխնախագահ Հերիս, որուն վարչակազմը զինած է Ատրպէյճանի ցեղասպանական շրջափակումը եւ յարձակումը Արցախի վրայ, նոյնիսկ մատ մը չբարձրացուց եւ ձայն չհանեց 2023ին տեղի ունեցած Ատրպէյճանի բռնարարքներուն դէմ։ Նոյնիսկ քարոզարշաւի հռետորաբանութեան մակարդակով ան ոչ մէկ բառ ըսած է Ատրպէյճանի տրամադրուող ամերիկեան ռազմական սպառազինութիւնը եւ օժանդակութիւնը դադարեցնելու կամ այլ միջոցներով Պաքուն պատասխանատուութեան ենթարկելու վերաբերեալ: Քաղաքական գործիչները՝ նախագահական թեկնածուները եւ այլն, չեն կրնար ներկայանալ իբրեւ հայերու բարեկամներ, երբ կը հրաժարին պատասխանատուութեան ենթարկելէ Ալիեւը կամ չեն կրնար զսպել անոր բռնարարքները»։
Յիշեցնենք, թէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ձախողած համարած էր Հայաստանի եր Արցախի նկատմամբ թէ՛ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ թէ ներկայ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմերուն քաղաքականութիւնը։
Ամերիկահայերը կրնան առանցքային դեր ունենալ 2024ի նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ, յատկապէս՝ Արիզոնայի, Ճորճիայի, Միշիկընի, Նեւատայի, Հիւսիսային Քարոլայնայի, Փենսիլվանիոյ եւ Ուիսքանսընի մէջ։