Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ ստելով՝ յայտնեց, որ «Ղարաբաղէն հեռանալու որոշումը տուին հայկական ծագում ունեցող բնակիչները, իսկ ատրպէյճանական կողմը փորձեց համոզել զանոնք մնալ»:
«Այո՛, հիմա խաղաղութեան ժամանակն է, եւ ես յոյս ունիմ, որ Հայաստան պիտի պատասխանէ Ատրպէյճանի բարի կամքին եւ պիտի հրաժարի դրացի պետութիւններուն նկատմամբ տարածքային պահանջներէն ոչ միայն խօսքով, այլ նաեւ գործով», յայտարարեց Հաճիզատէ: