ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Դաշինք» կուսակցութիւնը Նոյեմբեր 24ին կայացած երկրորդ համագումարին որոշեց վերակազմակերպման միջոցով միանալ Հայաստանի ռամկավար ազատական կուսակցութեան:
Ըստ «Դաշինք» կուսակցութեան նախագահ Սամուէլ Բաբայեանի, միաւորման գործընթաց վաղ թէ ուշ պէտք է կատարեն ոչ միայն ազգային ազատական գաղափարախօսութիւն դաւանող ուժերը, այլեւ ընկերվարականներն ու համայնավարները, քանի որ «դա է քաղաքական դաշտի ապաքինման միակ դեղատոմսը»:
«Դաշինք» կուսակցութեան նախագահի խօսքերով, կուսակցութիւններու միաձուլումը բացարձակապէս կապուած չէ 2008ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն հետ, այլ կը միտի հետագային առաւել արդիւնաւէտ քաղաքական դաշտ ձեւաւորելուն: Ս. Բաբայեան միաժամանակ նշեց, որ գալիք ընտրութիւններուն վերաբերեալ իրենց միացեալ տեսակէտը կը յստականայ յառաջիկայ Յունուարին, միացած կուսակցութիւններու առաջին համագումարէն յետոյ:
Միւս կողմէ, «Ազգային վերածնունդ» կուսակցութեան նախագահ Ալպերթ Բազէեան յայտարարեց, թէ մօտ ապագային իրենց կուսակցութիւնը պիտի կազմակերպէ համագումար, ուր եւս օրակարգի վրայ է Հայաստանի ռամկավար ազատական կուսակցութեան միանալու հարցը: