
21 Սեպտեմբերին, Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ ասիկա մեր վերջին տարիներու մեծագոյն տօնն է, ազատ եւ անկախ Հայաստանի ստեղծումը՝ 33 տարի առաջ: «ՀՅԴի համար անկախ պետականութիւնը բարձրագոյն արժէք է, որ ամէն գնով պէտք է պահպանել: Այդ անկախութեան նախաշեմին Արցախեան գոյամարտն էր, այսօր Արցախը հայաթափած է, բայց ասիկա չենք դիտարկեր իբրեւ վերջնական իրադարձութիւն: Այդ 33 տարիներուն մենք կրցանք բաւական լուրջ պետականութիւն մը ստեղծել, ազգային արժէքները վերադարձան հայրենիք, առաջին տարիներուն ստեղծուեցաւ հզօր բանակ, ունեցանք Արցախեան գոյամարտի յաջող ելք եւ Հայաստան միջազգային հարթակներու վրայ ունէր բաւական լուրջ արժէք: Վերջին տարիներուն կացութիւնը փոխուեցաւ այս յանձնուողական եւ պարտուողական քաղաքականութեան պատճառով», ըսաւ ան։
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Հայաստանի իշխանութիւններուն հակահայ քաղաքականութիւնը չի՞ դժուարացներ Հայ Դատի գրասենեակներուն, ՀՅԴ կառոյցներուն գործունէութիւնը եւ աշխատանքները, որոնք կը միտին ապահովել Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանութիւնը՝ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ. «Մեր բարեկամ երկիրներուն մէջ, երբ աշխատանք կը տանիս եւ կը ներկայացնես հայկական պահանջներ, կ՛ըսեն` ձեր իշխանութիւնները այդպիսի պահանջ չեն դներ։ Օրինակ, մեզի համար այսօր առաջնահերթութիւն է Հայ Դատի օրակարգին վրայ ունենալ Արցախի կարգավիճակի, արցախցիներու վերադարձի, Պաքուի բանտերէն Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատագրման հարցերը. ասոնք չլուծուած հարցեր են, բայց անընդունելին այն է, որ Հայաստան լուռ կը մնայ, եւ այդ լռութիւնը մեր մօտ շփոթ կը յառաջացնէ: Մեր պահանջը այն է, որ մենք, իբրեւ համայնք, առաջնահերթութիւն տանք Արցախին վերաբերուող բոլոր կէտերուն»:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան իր կարգին ըսաւ, որ Նիկոլ Փաշինեան ոչ միայն իր ամբողջ էութեամբ հայրենասիրութեան հետ կապ չունի, այլ նաեւ կը փորձէ վարկաբեկել, հեղինակազրկել, նաեւ՝ հայ ժողովուրդին եւ հայոց պետականութեան ազատագրութեան համար նահատակուած բոլոր հերոսները։
Ան նշեց, որ Նիկոլ Փաշինեան իր պարտութիւնները արդարացնելու եւ դաւաճանութիւնները քօղարկելու նպատակով պատրաստ է որեւէ պղծութեան` պահպանելու իր իշխանութիւնը եւ իր շրջապատի բարեկեցութիւնը ապահովելու համար:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեան շեշտեց, որ Հայաստան պէտք չէ հրաժարի Սփիւռքի եւ Արցախի գաղափարէն։
«Թէ՛ արցախցիները, սփիւռքահայերը, թէ՛ Հայաստանի ժողովուրդը պէտք է իսկապէս միանան Հայաստանի անկախութեան հզօրացման գաղափարին շուրջ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ 21 Սեպտեմբերը շատ կարեւոր օր է, եւ մենք պէտք է զօրավիգ կանգնենք անկախութեան գաղափարին:
Մուրատեան յայտնեց, որ անկախութիւնը պէտք է բոլորը հաւաքէ, համահայկական գաղափար դառնայ եւ Սփիւռքը, Արցախը եւ Հայաստանը վերամիանան իբրեւ իրականութիւն, իբրեւ գաղափար ու իբրեւ ապագայի սկզբունք:
«Մենք պէտք է համոզենք Հայաստանի ժողովուրդը, որ միայն ազգի գաղափարը կրնայ փրկել երկիրը եւ կրնայ հզօրացնել Հայաստանը եւ հայրենիքը», ըսաւ ան։
Ըստ Փափազեանի՝ պէտք է պայքարիլ բոլոր այն իրողութիւններուն դէմ, որոնք կը տկարացնեն Հայաստանը եւ հայ ազգը: