
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՏԱՂԱՍԱՑ ԴԱՒԻԹ ՍԱԼԱՁՈՐՑԻ ԵՒ ՔԱՆԻ ՄԸ ՅՈՒԶԻՉ ՏՈՂԻԿՆԵՐ

Դուք տեսե՞ր էք Կարնոյ դաշտերուն մէջ միայնակ թափառող մարդ, ձեռքերը կապած, ականջը խուլ, աչքերը կոյր, միտքը տկար… Դաւիթն է ան, սալաձորցի «որբուկ» Դաւիթը, այրի, որդեկորոյս տաղասացը: Երէկ գիշեր, յարգելի ընթերցող, ձայնասփիւռի հաղորդում մը պատճառ եղաւ, որ դարձեալ մտաբերեմ անոր վշտալի կեանքը եւ դարձեալ ընթերցեմ անոր տաղերը: Տխրեցայ, անշուշտ: Բայց, նկատեցի նաեւ, որ այդ պարզ եւ ռամիկ տողերուն մէջ ներկայ էին կենսասիրութիւն, յոյս եւ հաւատք: Այսօր, կէսգիշերային այս անդորր ժամուն, երբ կը նիրհեն բոլորը, կ՛առաջարկեմ մտքի թռիչք մը կատարել դէպի Կարին, 1664 կամ 1665 թուական, գտնել այն զովաշունչ եւ գեղատեսիլ ամառնավայրը, որ կը կոչուի Սալաձոր, ապա եթէ մեզ նկատէ տաղասացը՝ ծանօթանալ անոր հետ եւ իր բերանէն լսել քանի մը տաղ թանկագին:
ՍԱԼԵՐՈՒ ՁՈՐԸ
Կը փափաքիմ նախ Սալաձոր կոչուած հազարամեայ գիւղը ձեզի նկարագրել, որպէսզի չկարծէք, թէ անիկա պատմութեան մէջ անհետացած կամ երեւակայական բնակավայր մըն է: Սալաձորը Կարին նահանգի հիւսիս արեւելքը, Եփրատ գետի աջակողմեան վտակի մը ափին նստած, զով օդ, սառնորակ ջուրեր եւ լեռնային վայելուչ տեսարան ունեցող գիւղ մըն է: 1522 եւ 1902 թուականներուն կատարուած պետական արձանագրութիւններուն մէջ անունը յիշուած է իբրեւ «Սալաձոր», իսկ 1928ին կատարուած արձանագրութեան մէջ՝ «Սալսորի»: Ունեցած է 175 հողագործ, անասնապահ եւ արհեստաւոր հայ բնակիչ, Սուրբ Սարգիս անունով եկեղեցի, 10րդ դարէն մնացած խաչքարերով հարուստ գերեզմաննոց, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ կից՝ 15 աշակերտ պարունակող դպրոց: Այժմ անունը «Սարը-Եայլա» է՝ Կարնոյ արուարձանի մը ենթակայ աննշան բնակավայր:
ՁԵՌՔԷՍ ԱՌԻՐ ԱՂՋՆԱԿՍ
Սալաձորցիի բանաստեղծութիւններուն ստորագրութիւնը «Որբուկ» է: Այդ կոչումով է որ կա՛մ կը սկսին, կա՛մ կ՛աւարտին իր տաղերը: Յայտնի է պատճառը: Փոքր տարիքին որբացած է Դաւիթը: Ստացեր է քահանայական կոչում: Մարիամ Աստուածածնի պատկերը անոր տուած է հոգեկան անդորրութիւն եւ ծածկած է մօր բացակայութիւնը: Ամուսնացած է: Կնոջ անունը՝ անյայտ: Ունեցած են աղջիկ զաւակ՝ Նռանա: Ընտանեկան ջերմութիւնը սակայն երկար չէ տեւած: Դաւիթը նախ այրիացած է: Ապա մահացած է իր 15 տարեկան Նռանան: Այդ դառն օրերուն տաղասացին գրիչը հասած է թանաքաման, դողդոջալով անկասկած, եւ գրի առած է «Ողբ ի մահն դստերին իւրոյ» բանաստեղծութիւնը: Երկխօսութիւն մըն է անիկա, հաշուեյարդար մը Տիրոջ հետ: Դաւիթ Սալաձորցին, բարեպաշտ քրիստոնեայ, փոխանակ զայրանալու Արարիչին, կը հասնի այն եզրակացութեան, թէ՝ չա՛ր էր ինք, գոռոզ, անտարբեր ուրիշներուն, հետեւաբար Տէրը բարկացաւ եւ Նռանան իր ձեռքէն առաւ: Ահա ողբի համեստ խօսքերը (համառօտութիւններով). «Չար, հպարտ էի / չափ չկար իմ հպարտութեան, / Ո’չ հաց իմ աղքատի տուի… / Ես խիստ բարձրամիտ էի, / Այնոր բարկացար Տէ’ր ինձ / Ու ձեռնէս առիր զիմ Նռնան»: Ապա սգաւոր հայրը, ծանր վիճակ մատնուած՝ անշունչ դստեր հետ կը խօսի. «Արտասունքս ծով էր, Նռանա, տատանիմ զինչ (նման) նաւն ի ծովոյն, / Բազկունքս անզօր դարձեր, Նռանա եւ մատունքս ամէն կու դողան, / Քաղուել է գոյն երեսիս, սիրտս ճմլեալ, աչերս կու լան»: Ապա հայրը կ՛երթայ աղջկան տունը: Դատարկ եւ անշունչ է անիկա: Կը նայի թոնիրին՝ մարած է, կը նկատէ աւելը՝ պատի տակ աւաղ կ՛ըսէ, կը նայի թարաքներուն՝ փոշի են կապած, կը մտնէ գոմ՝ կովերը կ՛ողբան, որ իրենց կթանը չկայ, կ՛ելլէ պարտէզ. աղբիւրը կայ՝ կարկաչը չկայ: Ապա, հայրը նախանձով կը դիտէ բնութեան այլ շնչաւորները. «Ամէն կենդանիքս որ կան, տեսանեմ ձագով շուրջ կու գան»:
ԱՆԿՈՂՆԻՍ ՄԷՋ ՔՈՒՆ ՉՈՒՆԻՄ
Դաւիթ Սալաձորցի կեանքի դառնութիւնները տաղերով պատմեց բոլորին: Ան համամարդկային ոգիով գրեց խրատական տաղ մը ու մեզի բացատրեց, թէ մարդու երկրային օրերը համրուած են. «Քեզի համրով օր էր տուած, / Կարմիր ու սեւ գիր էր գրած, / Աշխարհս քեզ մուլք չէր տուած, / Փուչ աստնուորիս (մարդ արարածը, երկրաւորը) ի՞նչ կու դատիս»: Իսկ օր մը տաղասացը նկատեց թափառական ղարիպը, անոր անքուն եւ թշուառ աչքերը: Սալաձորցին յոյս ունէր, որ եթէ վիշտը ծանօթ ըլլայ բոլորին, մի գուցէ թեթեւնայ ան եւ պանդուխտը մխիթարութիւն գտնէ: Կը մէջբերեմ այդ տաղին համառօտ խօսքերը, որպէսզի հասկնանք, թէ ի՛նչ է օտարութեան համը. «Բերանս դառն, ջուրս լեղի, հացս է հարամ: / Ղարիպին սիրտն է ի սուգ, դարդն է խորուն, / Թէպէտ պառկի մէջ անկողնուն՝ կը մնայ արթուն, / Աչքն ի լալուն չի դադարիլ, որ լինի քուն»:
ԴՈՒՆ ՔԵԱՀՐԱՊԱՐ ԵՒ ԱՆԳԻՆ ՔԱՐ
Մանուկ Յիսուսի ծնունդը նկարագրող բանաստեղծութեան մէջ Սալաձորեցի Կոյս Մարիամ Աստուածածինը գովաբանեց թանկագին քարերու նմանութեամբ: Այդ բանաստեղծութեան մէջ աշխարհի փայլով գեղեցկացած կին է ան: Ի՞նչ քարեր չեն յիշուած անոր մէջ: Նախ կը յայտնուի եաղութը, ապա ջօհարն ու մարջանը, քեահրուպարն ու լէհեւգրանը, տպազիոնն ու յեամանը, շափիւղան եւ կասիան, զմրուխթն ու սուտակը եւ վերջապէս՝ սպիտակ մարգարիտը: Բանաստեղծութեան աւարտը համեմատութիւնն է բանաստեղծին եւ Աստուծածնին. «Որբիկ Դաւիթն եմ անարժան, / Գործովս չար եւ անպիտան, / Դու գովելու ես զանազան. / Կոյս Մարիամ Աստուածածին»:
ԳՈՎԱՍԱՆՔ ԾԱՂԿԱՆՑ
Ահա Դաւիթ Սալաձորցին: Հեռուն, դաշտերու մէջ կը դեգերի: Միայնակ է եւ յամրաքայլ: Կը հոտոտայ ծաղիկ մը, ապա մէկ այլը եւ մէկ այլը… Քանի՞ հատ ծաղիկ: Ես ըսեմ քսան: Դուք ըսէք՝ քառասուն: Ինք սակայն գտած է հարիւր հատ՝ Կարնոյ սարերու եւ ձորերու ընտիր, զուարթուն ծաղիկներ: Եւ այդ ծաղիկներն են, որոնք ներշնչում տուեր են «Գովասանք Ծաղկանց» յայտնի բանաստեղծութեան: Եթէ խոր ակնածանքով մօտենաք անոր եւ ընթերցէք անոր հարիւր յիսուն տողերը, կը համոզուիք, որ հայկական քերթուածներու ամէնէն բուրումնաւէտն է ան: Ի՞նչ միտքեր ունի այդ գովասանքը: Պատմեմ եւ մէջբերեմ…։
150 ԲՈՒՐՈՒՄՆԱՒԷՏ ՏՈՂԵՐ
«Գովասանք Ծաղկանց» բանաստեղծութեան նախերգանքը բանաստեղծին ինքնանկարագրութիւնն է: Խոր ծերութեան հասած մարդու ստեղծագործութիւնն է անիկա: Փա՞ստն այս համոզումիս՝ բանաստեղծին խօսքերը. «Միտքս տկար», «Անդամալոյծ եմ ու համր», «Ոտներս բեկեալ», «Ձեռներս կապած», «Ականջս խուլ», «Աչերս է կուր»… Ինքզինք կը համեմատէ բեկեալ նաւու մը, որ «տարակուսեալ եւ մոլորեալ» է, ապա կը հայցէ նաւապետ Տիրոջ ուղղութիւնը. «Նաւս բեկեալ ալեկոծէ / Տարակուսեալ եմ, մոլորեալ, ո’վ նաւապետ, իմ ճարս դուն»: Նախերգանքին կը հետեւի ծաղիկներու «տողանցքը»…։
Դաւիթ Սալաձորցի նախ կը գովերգէ Մարտ ամիսը: Ըստ բանաստեղծին՝ տասներկու ամիսներու «խարիսխն» է անիկա: Մարտ ամսոյն մէջ Տէրը հրաման կու տայ, որ ծաղիկները արթննան. «Յորժամ (երբ) Մարտի ամիսն գայ, Տէրն հրաման կու տայ հողուն, / Հողն ի քնուն հետ կու զարթի, ճամբայ կու տայ բոյս եւ տնկուն»: Ապա, տաղասացը կը նկարագրէ իւրաքանչիւր ծաղիկ, ինչպէս՝ եզնածակիկը. «Եզնածաղիկն է խիստ դեղին, գոյնն է գունով, քան ծիրանուն»: Սալաձորցին այդ նկարագրութիւններուն մէջ առատօրէն կ՛օգտագործէ բաղաձայնութեան արուեստը: Մենք առատօրէն կը լսենք «ծաղիկ» բառը շեշտող ձայներ: Ահա ցինկ եւ ծափծափ ծաղիկներու երկտողը. «Ցինկն դեղին ծաղկէ, ցնծայ, փայլէ, ծփայ մէջ ջրերուն / Ծափծափն ծափ տայ, ծիծաղի լծափն ծլուն թելերուն»:
15 ԱՄԵԱՅ ԾԱՂԻԿԸ
«Գովասանք» բանաստեղծութեան մէջ կայ գարնանային զմայլելի տեսարան: Ծաղիկները գոյն-գոյն հագած, պճնուած, սուրմա քսած, ելեր են դաշտերը՝ պարելու: Ամէն մէկ ծաղիկ անմեղ աղջիկ մըն է: Հովիտներու սիւքի հետ անոնց ծփանքը զուարթուն պար մըն է կարծես: Արեւու ջերմ շողերուն տակ անոնց փայլը երգ ու ծիծաղ է կարծես: Ականջ տուէք ծաղիկներուն: Չորս հատը, զերդ չորս աղջիկ, կը խանդավառեն միւսները. «Ծաղկո՛ւնք, զարթի’ք ի խոր քնոյն, քանի՞ պառկիք ներքեւ հողոյն, / Զարթի՛ք, աշխարհս ծաղկեցուցէք…»: Ծափծիլ ծաղիկը կը սիրէ զարդարուիլ. պճնասէր է ան. «Ծափծիլն սպիտակ է հագել, դեղին քաշել վերայ գլխոյն»:
Հարցուցի Սալաձորեցիին, թէ ի՛նչ են մեզի հեռու եւ անծանօթ այդ բիւրաւոր ծաղիկներուն անունները. հաճեցաւ տասնեակ մը շարադրել. ցնծաղիկ, հոռոմծաղիկ, մամխոպոպ, բարձեւնիկ, բրաբիոն, բարփն, ծիլծափ, լեզուակ, գոհարվարդ, սուտվարդ, գինարբին, համասփիւռ, սինձ, զամբիւղ, աւգեր, երիցուկ… Իսկ, շարունակեց ան, թէ «եօթնաղբերանց արիւն» ծաղիկը իւրայատուկ պատմութիւն ունի. եօթը նահատակ եղբայրներու թափած արեան հողէն իսկոյն յայտնուեր է արնանման ծաղիկ մը եւ ստացեր է այդ եղբայրներուն յիշատակը անթառամ պահող անունը:
ԴԵԳԵՐՈՂ ՏԱՂԱՍԱՑԸ
Ի՞նչ կ՛ոլորտիս այդ ծաղիկներուն մէջ: Ի՞նչ կ՛որոնես այս սարերուն վրայ: Չպատասխանե՛ց որդեկորոյս հայրը: Քալեց: Հեռացաւ: Գոյն-գոյն, «ազգի-ազգի» ծաղիկներու մէջ անհետացաւ:
Միտքս վերադարձաւ գրասեղանիս: Գրիչս անշարժացաւ: Դիտեցի Սալաձորցիի համեստ ժողովածուն եւ «Ծաղկանց» բանաստեղծութեան 16 վանկանի տողերը: Ապա շշնջացի բառ մը. Նռանա: Հայրը, անկասկա՛ծ, այդ ծաղիկներուն մէջ կը փնտռէր Նռանան: Չէ՞ որ աշնան թառամած, ձմրան մահացած ամէն ծաղիկ, Մարտ ամսոյն՝ Տիրոջ երկնային հրամանով կը դառնար դալար: Միթէ կը վերադառնա՞յ նաեւ Նռանան… Միթէ ամենազօր, ամէն ինչի բժիշկ, սքանչելագործ Հայրը պիտի բարեհաճէ՞ր, որ Նռանան ալ ստանար կենդանութիւն: