«Կը ծրագրենք մօտ օրէն ամերիկեան ուժերը Իրաքէն դուրս բերելու ժամանակացոյց մը յայտարարել», յայտնեց Իրաքի վարչապետ Մուհամմատ Շիահ Սուտանի: Այս մասին հաղորդեց «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը, ըստ որուն, Սուտանի շեշտեց, որ ամերիկեան ուժերուն Իրաքի մէջ ներկայութիւնը այլեւս անհրաժեշտ չէ, որովհետեւ անոնք յաջողեցան «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը պարտութեան մատնել»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.