Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ Report-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ֆրանսայի գործողութիւնները կը վիժեցնեն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերը ու միայն կը սրեն իրավիճակը:
«Ինչպէս բազմաթիւ անգամներ նշած ենք՝ Հայաստանի ռազմական ներուժի ուժեղացումը, որ շուրջ 30 տարի բռնագրաւուած պահած է Ատրպէյճանի տարածքին մէկ մասը եւ ներկայիս տարածքային պահանջներ կը պահպանէ մեր երկրին եւ այլ դրացիներու նկատմամբ, սպառնալիք է խաղաղութեան եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման համար: Ասիկա Հայաստանը կ՛ոգեշնչէ այլ ապակառուցողական գործողութիւններու ձեռնարկելու», ըսաւ Հաճիզատէ, ըստ որուն «Հայաստան եւ Ֆրանսա պէտք է դադրեցնեն տարածաշրջանին մէջ ռազմականացման քաղաքականութիւնը, եւ վերջապէս հասկնան, որ խաղաղութիւնը եւ համագործակցութիւնը այլընտրանք չունին»:
Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ «խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու համար, Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ, հանրաքուէի միջոցով, պէտք է փոփոխութիւններ կատարուին»։
«Հայ ժողովուրդը պէտք է վերջ տայ Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ցնորական յաւակնութիւններուն եւ սահմանադրականօրէն ամրագրէ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան մէջ ապրելու իր փափաքը», նշեց Հաճիզատէ։
Ըստ անոր՝ եթէ Հայաստան դիմէ այդպիսի քայլի մը «բանակցութիւնները շատ աւելի արագ պիտի ընթանան»:
«Մեր երկրին ներկայացուող տարածքային պահանջները մեզ կը մտահոգեն», յայտնեց ան։
Հայաստանի հետ կապերուն մասին խօսեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, որ դիտել տուաւ, թէ՝ հակառակ «խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ բանակցութիւններուն գծով արձանագրուած զգալի յառաջընթացին, Հայաստանի շարք մը քաղաքական եւ իրաւական փաստաթուղթերու մէջ` մասնաւորաբար Սահմանադրութեան բովանդակութեան դրոյթները կը շարունակեն փաստաթուղթի ստորագրութեան հիմնական խոչընդոտը հանդիսանալ»: