ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ձեզի կը ներկայացնեմ Ճորճ Ստեփանեանցը, որ մեծ ապագայ կը խոստանայ գիտական աշխարհին մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ․- Սիրելի Ճորճ, կրնա՞ս դուն քեզի ծանօթացնել մեր ընթերցողներուն։
ՃՈՐՃ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆՑ․- Սիրով։ 25 տարեկան եմ․ ծնած եմ Ուաշինկթըն նահանգի Ռէտմընտ քաղաքին մէջ։ Համալսարանական ուսումս ստացած եմ Սիյէթըլ քաղաքի Ուաշինկթըն համալսարանը (2015-19), մասնագիտանալով ուսողութեան եւ համակարգիչի գիտութեան (computer science) ճիւղերուն մէջ։
Համալսարանական ուսումս շարունակեցի Պոսթըն քաղաքի Massachusetts Institute of Technology, MIT-ի մէջ (2019-24), ստանալով դոկտորի տիտղոս, ուսողութեան եւ վիճակագրութեան (statistics) ճիւղերուն մէջ։
Այժմ յետդոկտորական ուսումս կը շարունակեմ Փասատինայի California Institute of Technology համալսարանին մէջ, որպէս գիտաշխատող՝ ուսողութեան ճիւղին մէջ, երեք տարուան շրջանի մը համար։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ․- Գիտեմ որ որպէս սարկաւագ կը ծառայես Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Կրնաս ըսել թէ ե՞րբ եւ ու՞ր ձեռնադրուեցար։
ՃՈՐՃ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆՑ․- Անշուշտ։ Ուաշինկթըն նահանգի Ռէտմընտ քաղաքի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ սարկաւագ ձեռնադրուեցայ 2019ին, ձեռամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի։ Հիմա կը ծառայեմ Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ․- Կրնա՞ս ընտանիքիդ մասին հակիրճ տեղեկութիւն տալ, մեր ընթերցողներուն։
ՃՈՐՃ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆՑ․- Բնականաբար։ Հայրս՝ Սերկէյ, ծնած է Երեւան։ 1995ին, դոկտորի տիտղոսը՝ բնագիտութեան մէջ, ստացած է Rode Island-ի համալսարանէն, որմէ ետք յետ դոկտորական ուսումը շարունակած է երկու տարի՝ որպէս գիտաշխատող, Իլինոյ նահանգի Շէմփէյն քաղաքի Ուրպանա համալսարանը։ Այժմ ան կ՛աշխատի «Ամազոն» ընկերութեան մէջ, Ռէտմընտ, Ուաշինկթըն։
Մայրս՝ Քաթարինա, ծնած է Պաքու։ Համալսարանական ուսումը ստացած է Երեւանի Պետական համալսարանէն, մասնագիտանալով կենսաբանութեան մէջ։ Իսկ Սէյնթ Փիթերսպուրկի համալսարանէն ստացած է դոկտորի կոչում՝ միջուկային բնագիտութեան մէջ։
Ունիմ ինձմէ մեծ քոյր մը՝ Մարկարէթ, որ կ՛աշխատի որպէս հաշուապահ, Ռէտմընտի մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ․- Դարձեալ գալով քեզի, ի՞նչ է քու ապագայի երազդ կամ ծրագիրներդ։
ՃՈՐՃ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆՑ․- Շատ կը փափաքիմ ըլլալ ակադեմական եւ աշխատիլ համալսարանի մը մէջ որպէս փրօֆէսօր՝ կիրարկական ուսողութեան (applied mathematics) ճիւղին մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ- Քանի որ ծնած ես արտասահման, երբեք այցելա՞ծ ես Հայաստան, ուր ծնած է քու հայրդ ուր ծնողքդ ապրած է։
ՃՈՐՃ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆՑ․- Անշուշտ թէ այո։ Հայաստան այցելած եմ 5-7 անգամ, իսկ վերջինը՝ անցեալ տարի։ Ես հոն ինքզինքս շատ հարազատ զգացած եմ եւ դիւրին շաղուած իմ հայրենիքիս ժողովուրդին հետ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ․- Առաջ որ վերջացնենք մեր շահեկան այս հարցազրոյցը, ուրիշ ըսելիք մը ունի՞ս քու տարիքի երիտասարդներուն։
ՃՈՐՃ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆՑ․- Ես պիտի փափաքէի, որ անոնք կարենային շուտով կատարեն իրենց ասպարէզի ընտրութիւնը, ունենան հետագայ ծրագիրներ եւ աշխատին ամէն գնով ձեռք ձգել զանոնք։ Հոս պիտի մէջբերեմ անգլերէն ասացուածք մը որ կ՛ըսէ․ «Go outside of your comfort zone»։ Այսինքն՝ «Դուրս եկէք ձեր հանգստաւէտ գօտիէն»։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ․- Շատ շնորհակալ եմ ձեզմէ՝ այս օգտաշատ հարցազրոյցին համար եւ ձեզի կը մաղթեմ յաջողութիւն, ձեր ապագայի ծրագիրներուն մէջ։
ՃՈՐՃ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆՑ․- Շնորհակալութիւն ձեզի, ինծի համար անակնկալ այս բացառիկ առիթին համար։
ՅԵՏ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԻ ԱԿՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Առ ի գիտութիւն, կ՛ուզեմ տեղեկացնել թէ Ճորճին յաճախած համալսարանները՝ MIT եւ Cal Tech, ամերիկայի տասը լաւագոյն համալսարաններէն երրորդն ու վեցերորդն են։
2. Ճորճը հայերէն չի խօսիր, սակայն որպէս սարկաւագ՝ ան սահուն եւ յստակ առոգանութեամբ կը կարդայ գրաբարով գրուած «Ճաշու Աւետարան»ն ու անթերի կերպով կ՛երգէ եկեղեցական գրաբար լեզուով գրուած շարականները։
Կոչ կ՛ընեմ մեր գաղութին որ ճորճին նման երիտասրարդները ներառնէ իր զանազան գործունէութիւններուն մէջ, լսէ իրենց շինիչ գաղափարները եւ օգտագործէ անոնց գիտութիւնը, ի փառս մեր գաղութի բարգաւաճման եւ գոյութեան՝ որպէս գործող փոքրամասնութիւն։