Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեան ընդունեց Հայկական Կարմիր Խաչի նախագահ Դաւիթ Ներսիսեանը։ Նախարարութիւնը այս մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընկերային պաշտպանութեան ոլորտին մէջ իրականացուած ծրագիրներուն եւ նախատեսուող միացեալ նախաձեռնութիւններու վերաբերող շարք մը հարցեր:
Զրոյցին առանցքը հանդիսացան Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերու աջակցութեան, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ծրագիրներու իրականացման, Տաւուշ եւ Լոռի մարզերուն մէջ Մայիսին տեղի ունեցած հեղեղումներուն պատճառով տուժած անձերուն ընկերային աջակցութիւն տրամադրելու գործընթացները:
Կողմերը դիտարկեցին նաեւ համատեղ նոր նախաձեռնութիւններ իրականացնելու հնարաւորութիւնը` Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերու, ինչպէս նաեւ թիրախային այլ խումբերու աջակցութեան ուղղութեամբ:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ պետութեան խնամքին տակ ապրող աւագ սերունդի ներկայացուցիչներուն մատուցուող ծառայութիւններուն եւ անոնց որակի բարելաւման նպատակով անհրաժեշտ աշխատանքներուն:
Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին համագործակցութեան զարգացման. պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ արծարծուած հարցերուն անդրադառնալ աշխատանքային քննարկումներու ծիրին մէջ։