Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ Real TV-ի եթերէն յայտարարեց, որ Ատրպէյճան Իրանի տարածքով հաղորդակցութեան ուղիներու բացման համար բանակցութիւններ կը վարէ:
Ըստ անոր՝ Հայաստան կը խեղաթիւրէ 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւնը:
«Այդ արարքը ափսոսանք կը պատճառէ. փաստաթուղթի 9րդ կէտը յստակ պարտաւորութիւններ կը նշէ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման վերաբերեալ: Եթէ Հայաստան կառչած մնայ իր ներկայի դիրքորոշումին, Ատրպէյճան այլընտրանքային տարբերակներ ունի», ըսաւ Հաճիզատէ՝ աւելցնելով. «Անոնցմէ մէկն ալ Իրանի տարածքով կապի հաստատումն է, այս ուղղութեամբո համապատասխան աշխատանքներ կը տարուին: Եթէ Հայաստան կը շարունակէ ինքնամեկուսացման քաղաքականութիւնը, այդ իր ընտրութիւնն է»: