Երեւան հերքեց ատրպէյճանական դիրքեր ռմբակոծելու՝ Պաքուի պնդումը:
Ատրպէյճան յայտարարած էր, թէ հայկական կողմը 12 Սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:15- 1:05ի շուրջ կրակած է Նախիջեւանի դիրքերուն ուղղութեամբ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան:
Պաքու օր մը առաջ եւս հայկական կողմը մեղադրած էր նոյն ուղղութեամբ զինադադարը խախտելուն մէջ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց այդ պնդումը եւս:
Հայկական կողմը դարձեալ յիշեցուց, որ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը առաջարկած էր զինադադարի դրութեան խախտումներու պարագաներու եւ/կամ այդ մասին տեղեկութիւններու հետաքննութեան Հայաստան-Ատրպէյճան միացեալ գործիքակազմ մը հաստատել: