Եւրոպայի ֆութպոլի «Ազգերու լիկայի բաժակ» մրցաշարքի զտումի մրցումները սկսան անցնող շաբաթավերջին:
Գ. կարգի խումբերուն մէջ, Հայաստան տպաւորիչ մրցում մը ունեցաւ Լաթվիոյ դէմ, Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան»ի անուան Հանրապետական մարզադաշտին վրայ, ուր մօտաւորապէս 12,500 համակիրներու ներկայութեան 4-1 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը տարաւ:
«Լոքոմոթիւ Մոսկուա»ի ձախ պաշտպան Նայիր Տիկնիզեան 6րդ վայրկեանին փոխանցում մը կատարեց Վահան Բիչախչեանին, որ նշանակեց Հայաստանի առաջին կօլը:
Հազիւ 3 վայրկեան ետք, «Կրասնոտար»ի երիտասարդ պաշտպան Գէորգի Յարութիւնեան սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց Լաթվիոյ հաւասարութեան կօլը:

35րդ վայրկեանին, Լաթվիոյ պաշտպանները բերդապահին հետ փոխանցումներ կը փոխանակուէին, երբ Հայաստանի յառաջապահ Լուքաս Զելարայեանի ճնշումին տակ, կեդրոնի պաշտպան Տուպրա գնդակը զետեղեց իր բերդին մէջ… խաբելով բերդապահը եւ Հայաստանի նուէրը հաւասարապէս վերադարձնելով:
Բ. կիսախաղին, Լուքաս Սելարայեան նշանակեց Հայաստանի 3րդ կօլը, իսկ 51րդ վայրկեանին ան քիչ մնաց նշանակէր կօլ մը եւս, երբ դաշտի կեդրոնէն նկատեց, թէ Լաթվիոյ բերդապահը քառակուսիին ծայրն է, եւ շուրջ 55 մեթրէն երկար օդային հարուած մը ուղղեց, որ զսպուեցաւ մրցակիցի բերդին հորիզոնական ձողին կողմէ:
86րդ վայրկեանին, «Մէօնշընկլատպախ»ի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոսի փոխանցումէն օգտուելով, Էդուարդ Սպերցեան գնդակը զետեղեց Լաթվիոյ բերդին մէջ:
Դ. խմբակի այս մրցումէն ետք Հայաստան գրաւեց առաջին դիրքը` նկատի ունենալով, որ Հիւսիսային Մակեդոնիա 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Ֆարօ կղզիներուն հետ:
Վաղը, Սքոփյէի մէջ Հայաստանի ազգային խումբը հիւրը պիտի ըլլայ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ, մինչ Լաթվիա Ռիկայի մէջ պիտի հիւրընկալէ Ֆարօ կղզիները: