Եւրոպական Միութիւնը քննադատեց Հռոմի կանոնադրութեան միացած Մոնկոլիա՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը չձերբակալելուն համար:
«Եւրոպական Միութիւնը կ՛ափսոսայ, որ Մոնկոլիան` Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան միացած պետութիւնը, չկատարեց օրէնքով նախատեսուած իր պարտաւորութիւնները», կ՛ըսուի Եւրոպական Միութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:
Մոնկոլիա պէտք էր ձերբակալէր երկիրը այցելած Փութինը, զոր ձերբակալելու հրամանագիր հրապարակած էր դատարանը 18 ամիս առաջ` ուքրանացի մանուկներ տեղահանելու մէջ մեղադրելով:
Մոնկոլիոյ կառավարութեան անանուն ներկայացուցիչ մը «Փոլիթիքօ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին բացատրեց, թէ ինչո՛ւ իր երկիրը չձերբակալեց Ռուսիոյ նախագահը.
Մոնկոլիա երկրին անհրաժեշտ քարիւղի 95 առ հարիւրը եւ ելեկտրականութեան առաւել քան 20 առ հարիւրը կը ներածէ դրացի երկիրներէն, եւ այդ մատակարարումները շատ կարեւոր դեր ունին երկրին գոյութիւնը պահպանելու համար: Ան նաեւ յայտնեց, թէ Մոնկոլիա միշտ չէզոք քաղաքականութիւն վարած է դիւանագիտական բոլոր յարաբերութիւններուն մէջ:
Մոնկոլիոյ նախագահ Ուխնաակիյն Խուրելսուխ միջազգային ընտանիքին ներողութիւն խնդրեց Փութինը չձերբակալելուն համար եւ նշեց, որ ստեղծուած կացութեան մէջ իր կարելիութիւնները սահմանափակ են:
Մոնկոլիա այցելութիւնը դատարանին կողմէ զինք ձերբակալելու հրամանի հրապարակումէն ետք Փութինի առաջին ուղեւորութիւնն էր Միջազգային Քրէական դատարանի անդամ երկիր մը:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ռուսիա կը շարունակէ աշխատիլ «Քսաններու» խմբակի ծիրին մէջ, սակայն Փութին տակաւին չէ որոշած Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովին մեկնի՞լ, թէ ոչ:
Պրազիլը այն երկիրներէն է, որ վաւերացուցած է Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութիւնը: Պրազիլի նախագահ Լուլա Տա Սիլվա ըսաւ, որ Փութին ինք պէտք է գնահատէ իր այցելութեան հետեւանքները: