Բերանը կը նմանի քաղաքի մը նաւահանգիստին եւ կամ օդանաւակայանին, ուրկէ քաղաք կը մտնեն արտաքին աշխարհէն նաւերու եւ կամ օդանաւերու փոխադրած մարդիկը եւ ապրանքները։ Ուրեմն՝ բերանի միջոցաւ մեր մարմնին մէջ մուտք կը գործեն ուտելիք-կերակուր, հեղուկ-ջուր, օդ եւ տեսակաւոր օտար մարմիններ։ Բնական պայմաններու մէջ օդը կ՚ուղղուի դէպի խռչափող, շնչափող եւ ապա թոքեր. ուտելիքները եւ հեղուկները կ՚ուղղուին դէպի ըմպան (pharynx), որկոր (esophagus) եւ ապա ստամոքս, իսկ օտար մարմիններ կրնան ուղղուիլ երկու ուղղութեամբ ալ։
Բերանը անմիջական կապակցութեան մէջ է մեր շրջապատին հետ շրթունքներու բաց ըլլալով. ան կը բացուի դէպի որկոր ըմպանի միջոցաւ. քիմքը իր ոսկրային եւ մկանային բաժիններով կը կազմէ բերանի վերի պատը եւ կամ առաստաղը, լեզուն եւ ծնօտը կը կազմեն անոր վարի պատը եւ կամ ստորոտը, իսկ այտերու մկանները եւ անոնց մակերեսային թաղանթը կը կազմեն բերանի երկու կողմի պատերը։ Ամբողջ բերանը ծածկուած է խլնաթաղանթով մը, որ հարուստ է մանր լորձնաբեր գեղձերով։ Բերնին մաս կը կազմեն լեզուն, լինտերը, ատամները, շրթունքները, նշիկները (tonsils) եւ ենթալեզուային լորձնային գեղձերը։
Բերանի միջոցով կ՚ուտենք, կը ծամենք, կը կլլենք, կը շնչենք, կը խօսինք եւ կ՚երգենք։ Խօսիլ բերանի հիւանդութիւններու մասին, կը նշանակէ խօսիլ շրթունքներու, քիմքի, լինտերու, ատամներու, լեզուի, բերանի խլնաթաղանթի եւ ենթալորձնաբեր գեղձերու հիւանդութիւններու մասին։ Լեզուի, ատամներու, ենթալորձնաբեր գեղձերու եւ նշիկներու հիւանդութիւններու մասին պիտի խօսինք ապագային, առանձնաբար։
Քիմքը կը բաժնէ բերանը քիթի խոռոչներէն. քիմքի յառաջամասի 2/3ը ոսկրային է եւ կը կոչուի կարծր-ոսկրային քիմք, իսկ յետսամասի 1/3ը մկանային է եւ կը կոչուի կակուղ-մկանային քիմք. ամբողջ քիմքը ծածկուած է լորձնաթաղանթով, որ շատ հաստ է ոսկրային բաժնին վրայ. մկանային քիմքը կը վերջանայ պզտիկ լեզուակով (uvula), որ մօտաւորապէս 1-2 սմ. երկարութիւն կ՚ունենայ եւ կը շարժի մկանային քիմքի պրկումներով։
Քիմքի հիւանդագին երեւոյթները հետեւեալներն են՝
1.- Քիմքի ընդոծին ոսկրային ուռ (exostosis). ան կը տեսնուի ոսկրային քիմքի մէջտեղը. ընդհանրապէս ան ոչ մէկ դժուարութիւն կը յառաջացնէ, սակայն երբեմն շատ մեծ ըլլալով ան կրնայ ուտելու դժուարութիւն պատճառել։ Վիրաբուժական գործողութեամբ մը կարելի է բուժել այս երեւոյթը։
2.- Քիմքի ճեղքուածութիւն (cleft palate). ան ընդոծին անբնական երեւոյթ է. ան կրնայ ըլլալ ամբողջական, մասնակի, ոսկրային, մկանային եւ կամ վերի շրթունքի ճեղքուածութեան (cleft lip) հետ միատեղ։ Քիմքի ճեղքուածութեամբ բերանը անմիջական կապակցութեան մէջ կ՚ըլլայ քիթին եւ քիթի խոռոչներուն հետ։ Այս անբնական երեւոյթով տեղի կ՚ունենան հետեւեալ բարդութիւնները՝
ա.- Բերանի մէջ գտնուած ուտելիքը եւ կամ հեղուկը դիւրաւ կը մտնեն քիթին մէջ եւ հոնկէ կ՚ուղղուին դէպի քթաըմպան (nasopharynx). անոնք կը գրգռեն քթաըմպանի երկու Եւստակեան (Eustachian) խողովակներուն բերանները եւ կը յառաջացնեն միջին ականջի բորբոքում եւ լսողական տկարութիւն։
բ.- Անբնական խօսակցութիւն եւ ռնգային ձայն.
Հիւանդը քիմքի ճեղքուածութեամբ ընդհանրապէս կ՚ունենայ նաեւ անբնական ատամներու շարուածք։
Քիմքի ճեղքուածութեան դարմանումը կ՚ըլլայ վիրաբուժական գործողութեամբ, որ կատարուելու է հիւանդին փոքր տարիքին, որպէսզի ան չունենայ անբնական խօսակցութիւն, միջին ականջի բորբոքում եւ լսողական տկարութիւն։
3.- Քիմքի բորբոքում, որ կը յառաջանայ ծխախոտի չափազանց գործածութեամբ. այս պարագային քիմքի թաղանթի լորձնագեղձերը կը խոշորնան, խլնաթաղանթը կը հաստնայ, կը կարծրանայ եւ կը կորսնցնէ իր բնական վարդագոյն երեւոյթը ու կ՚ըլլայ տժգոյն եւ կամ սրճագոյն։ Ծխախոտի կասեցումով քիմքը կը վերագտնէ իր բնական տեսքը։
4.- Պզտիկ լեզուակի անբնական երեւոյթներ.
ա.- Ընդոծին ճեղքուածութիւն, որ ոչ մէկ ախտանշան կ՚ունենայ եւ դարմանումի չի կարօտիր.
բ.- Ընդոծին անբնական ծաւալում, որ կը դարմանուի վիրաբուժական գործողութեամբ.
գ.- Չափազանց ծաւալում, որ կը յառաջանայ գերզգայնութեան պատճառով. այս պարագային ըմպանը կը խցուի եւ կը յառաջացնէ շնչարգելութիւն. հոս հիւանդը պէտք կ՚ունենայ շտապ օգնութեան, հակագերզգայնութեան դեղեր եւ հաւանաբար վիրաբուժական գործողութեան.
5.- Քիմքի պոլիպներ (polyps), որոնք կը յառաջանան որոշ ժահրերու միջոցաւ. ասոնց դարմանումը կ՚ըլլայ դեղերով եւ վիրահատումով.
Լինտերու հիւանդագին երեւոյթները հետեւեալներն են՝
1.- Լինտերու բորբոքումներ՝
ա.- Epulis. այս կը յառաջանայ ատամներու արմատներուն բորբոքումով. հոս լինտերը զգալիօրէն կ՚ուռին, կը ծաւալին, կը կարմրին եւ կը ցաւին.
բ.- Պարզ լինտաբորբ (gingivitis), որ կը յառաջայ ծխախոտի չափազանց, բերնի կարկահեղուկներու, շատ տաք եւ շատ պաղ հեղուկներու գործածութեամբ եւ արուեստական ատամներու պատճառով, ինչպէս նաեւ սպիտակարիւնութեան (leukemia) հետեւանքով.
գ.- Լինտերու պալար-թարախակոյտ, որ կրնայ հասնիլ մինչեւ ատամներու արմատները եւ փճացնել զանոնք.
Շրթունքի հիւանդութիւններէն կարելի է յիշել հետեւեալները՝
1.- Ժահրային շրթնաբորբ (herpes simplex). այս պարագային յատկանշական ախտանշանը պզտիկ բշտիկներու յայտնումն է շրթունքին վրայ, որոնք կը յառաջացնեն ցաւ, ջերմութիւն, վիզի աւշագեղձեր եւ յոգնածութիւն. այս բշտիկները կրնան տարածուիլ բերանի զանազան բաժինները եւ յառաջացնել սաստիկ ցաւ եւ ուտելու դժուարութիւն. դարմանումը կ՚ըլլայ հակաժահրային դեղերով.
2.- Շրթունքի ընդոծին ճեղքուածութիւն, որ կրնայ ըլլալ մէկ կամ երկու, մասնակի կամ ամբողջական եւ քիմքի ճեղքուածութեան հետ միատեղ. ան կրնայ յառաջացնել անբնական խօսակցութիւն եւ ձայնարկութիւն։ Շրթունքի ճեղքուածութեան դարմանումը կ՚ըլլայ վիրաբուժական գործողութեամբ, որ կատարուելու է հիւանդին փոքր տարիքին.
Բերնին մէջ կը տեսնենք նաեւ շատ մը այլ հիւանդագին երեւոյթներ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝
1.- Սպիտակաբիծ (leukoplekia). ան խլնաթաղանթային ճերմակ վէրք մըն է, որ պէտք է վիրահատուի. ան կրնայ չարաղէտ-խլիրդի (cancer) փոխուիլ.
2.- Բերնի երկու կողմերու մակերեսի խլնաթաղանթի պարզ բորբոքումներ, որոնք կը յառաջանան, երբ ենթական շարունակ կը խածնէ եւ կը ծծէ խլնաթաղանթը եւ կամ իր սուր ատամներով կը վնասէ խլնաթաղանթին.
3.- Ոչ վտանգաւոր ուռեր եւ վտանգաւոր ուռեր-խլիրդ. ոչ վտանգաւոր ուռերը կ՚ըլլան կակուղ եւ շարժուն. հիւանդը ցաւ չունենար. իսկ խլիրդները կ՚ըլլան կարծր եւ անշարժ. անոնք շուտով կ՚արիւնոտին եւ կը յառաջացնեն վիզի աւշագեղձեր (lymph nodes). հիւանդը կը տառապի ցաւէ. վտանգաւոր եւ ոչ վտանգաւոր ուռերը կը դարմանուին վիրահատումով.
4.- Պատռուածքներ հարուածի հետեւանքով.
5.- Լորձնաթաղանթային պարզ ուռեր (mucocele), որոնք կը լեցուին բնականէն աւելի քանակութեամբ լորձունքով. ասոնք ընդհանրապէս կը տեսնուին լեզուին տակ եւ յաճախ շատ կը ծաւալին, կը հրեն լեզուն դէպի վեր եւ ետեւ ու կը պատճառեն ուտելու դժուարութիւն եւ շնչարգելութիւն. այս ուռերուն դարմանումը կ՚ըլլայ վիրահատումով.
6.- Սնկային հիւանդութիւններ, որոնք կը յայտնուին որպէս բերնի յատուկ երեւոյթներ եւ կամ որպէս հետեւանք մարմնական ընդհանուր եւ մեծածաւալ սնկային հիւանդութեան մը։ Այս երեւոյթները կը տեսնուին որպէս խոցեր եւ պալարներ, որոնք կը յառաջացնեն զօրաւոր ցաւ եւ ուտելու դժուարութիւն։ Ասոնց դարմանումը կ՚ըլլայ հակասնկային դեղերով.
7.- Բերանածաղիկ (thrush). ան սնկային վէրք մըն է, որ կը դարմանուի դեղերով.
8.- Տրփախտ (syphilis). բերնի տրփախտը կրնայ պատահիլ տրփախտի երեք հանգրուաններուն ալ. բերնին մէջ կը յայտնուին տրփախտի առաջին հանգրուանի յատուկ խոցը (chancre), երկրորդ հանգրուանի բազմազան մակերեսային բիծերը եւ երրորդ հանգրուանի վէրքերը. այս վէրքերը կ՚անհետանան տրփախտի հիմնական դարմանումով.
9.- Բերնի չորութիւն (xerostomia). ան կը յառաջանայ շաքարախտի, կարգ մը դեղերու գործածութեամբ, ջրանուազումի եւ կամ ջրազրկումի(dehydration),
10.- Ճառագայթային դարմանումի եւ բերանը բաց ձգուելուն պատճառաւ.
10.- Բերանակեղ (aphthus), որ կը տեսնուի լինտերու, քիմքի եւ նշիկներու վրայ որպէս ճերմակ մակերեսային խոցեր.
11.- Սեւայտուց (melanoma). ան երակային խլիրդի տեսակ մըն է, որ յաճախ կ՚ունենայ լուրջ եւ վտանգաւոր հետեւանքներ. ան կը կարօտի լուրջ վիրաբուժական գործողութեան մը.
12.- Ենթալեզուային անակնկալ սուր ուռ (ludving’s angina). ան խլնաթաղանթային ուռ մըն է, որ ընդհանրապէս կը յառաջանայ գերզգայնութեան պատճառով. ան կրնայ բորբոքիլ, թարախոտիլ եւ անակնկալօրէն ծաւալիլ. այս պարագային լեզուն կը ցցուի դէպի վեր եւ կը յառաջանայ շնչահեղձութիւն, որ յաճախ կը կարօտի շտապ օգնութեան եւ վիրաբուժական գործողութեան մը։