Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան 4 Սեպտեմբերին այցելեց ռազմարդիւնաբերական ընկերութեան կեդրոնը, որ կը զբաղի անօդաչու թռչող համակարգերու մշակումով եւ արտադրութեամբ:
Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ ընկերութեան ղեկավարին ընկերակցութեամբ նախարարը շրջագայեցաւ տարածքին մէջ, ծանօթացաւ ընկերութեան արտադրութիւններուն եւ ծառայութիւններուն եւ հեռանկարային ծրագիրներուն:
Ըստ նոյն աղբիւրին` ներկայացուած արտադրութիւններուն մէջ կը ներառուին անօդաչու թռչող սարքերու եւ բաղկացուցիչ մասերու մշակումը, անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութիւնը եւ սպասարկումը, անոնց ներկառավարման համակարգերու մշակումը, ծրագրային ապահովութիւնը, մետաղներու մանրամասնութիւնները եւ բաղկացուցիչ նիւթերու մշակումը:
Ընկերութեան ղեկավարը, ներկայացնելով սարքերը՝ ընդգծեց, որ որոշ արհեստագիտութիւններ կը գործեն մեքենայական ուսուցման ներդրումով՝ կարելիութիւն տալով շուկային մէջ պահել եզակիութիւնը եւ ապահովել օգտագործման լայն կարելիութիւններ:
Հայրապետեան ընդգծեց ռազմական սարքերու սեփական արտադրութիւն ունենալու կարեւորութիւնը, անոնց մէջ նորագոյն արհեստագիտութիւններու ներդրումը: Այդ պարունակին մէջ ան ընդգծեց ոլորտին հանդէպ պետութեան յատուկ ուշադրութիւնը եւ յայտնեց թէ՛ իրավիճակային գործնական քայլերու եւ թէ համակարգային լուծումներով ներկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու եւ այս ոլորտին զարգացում ապահովելու պատրաստակամութիւնը:
Հանդիպման իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուեցան հարցերը արդիւնաւէտ միջոցով լուծելու եւ գործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրացնելու շարք մը համաձայնութիւններ: