Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահ Անա Օլիվերան, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին խօսուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ քննարկումներուն եւ Արցախէն տեղահանուած անձերը բնակարաններով ապահովելու՝ Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրին մասին:
Ըստ վարչապետի աշխատակազմի տարածած հաղորդագրութեան՝ զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Ուրուկուէյ համագործակցութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր:
Փաշինեան ընդգծեց միջազգային հարթակներու վրայ միջխորհրդարանական համագործակցութեան զարգացման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կապերու խորացումը տնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ:
Օլիվերա ըսաւ, որ Ուրուկուէյ ինչպէս նախապէս, այսօր եւս իր համերաշխութիւնը եւ աջակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին: