Յարգարժան Խմբագրութիւն «Ասպարէզ» Օրաթերթի,
«Մաշտոց» քոլէճի տնօրէն դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուած էր դասախօսութիւն, որ նուիրուած էր «Նախիջեւանի հայկական յուշարձաններու աւերումը, թալանումը եւ սրբապղծումը ազերիներու կողմէ» նիւթին:
Դասախօսն էր հայրենի յայտնի ճարտարապետ, պատմաբան, նախիջեւանագէտ՝ Արգամ Այվազեանը:
Ան փաստավաւերական վերլուծումներով վարեց դասախօսութիւնը, որ ընթացաւ նաեւ սահիկներու եւ վաւերագրական տեսաերիզի ցուցադրութեամբ:
Այս խիստ կարեւոր եւ արժէքաւոր դասախօսութեան վայրն էր Կլէնտէյլի հանրային գրադարանի սրահը, ուր երեկոյեան ժամը 6ին բազմաթիւ հայեր ունկնդրելու եկած էին համայն հայութիւնը յուզող Չաւախքի եւ Նախիջեւանի մէջ մեր նախնիներու թողած հարստութիւններու աւերին եւ կողոպուտին մասին, սակայն, ցաւօք սրտի, թերեւս ոչ բոլոր հայերը կը մտահոգէր այս ցաւալի ողբերգութիւնը: Այդ ապացուցուեցաւ սրահին մէջ գտնուողներու սակաւ քանակով:
Ներկաները մեծարգոյ դասախօսի փաստացի բացատրութիւնները կը լսէին մեծ հետաքրքրութեամբ եւ յուզումով եւ որուն անգլերէն թարգմանութիւնը կը կատարէր Լեւոն Ֆերմանեան:
Սրահի ներկաներուն մէջ նկատելիօրէն յայտնուեր էին «նոր ունկնդիրներ», որոնք իրենց անհանգիստ եւ անբնական շարժումներով կը գրաւէին ներկաներուն ուշադրութիւնը:
Անկոչ հիւրերէն մէկը, օգտուելով առիթէն, անգլերէնով դիմեց դասախօսին ըսելով, թէ «ձեր ցուցադրած յուշարձանները հայկական չեն, ալպանական են»:
Այստեղ պարզ դարձաւ անկոչ հիւրերու ազերի ծագումը, որոնք համարձակած էին ներկայ գտնուելու եւ արտայայտելու իրենց՝ պատմութենէն անտեղեակ միտքերը:
Ազերի ուսանողները նոյնիսկ անտեղեակ էին այն պարզ փաստին, որ եթէ ալպանները իրենց ցեղակից են, միթէ՞ կարելի է անոնց յուշարձանները քանդել:
Սակայն փորձառու պատմաբանը թելադրեց ներկաներուն եւ յատկապէս անկոչ հիւրերուն, որ կարդան հայերու անցեալի պատմութիւնը, որպէսզի ստանան ճիշդ գիտելիքներ:
Դասախօս Արգամ Այվազեան բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ է, եւ իր միակ նպատակն է եղած՝ վերծանել մեր նախնիներու թողած գանձերը, որոնք ժամանակի ընթացքին աւերուած, ոչնչացած են թուրքերուն կողմէ :
Աւարտեցաւ դասաօսութիւնը, ներկաները տեղափոխելով մեր նախնիներու բնավայրերը, ուր ապրելով կառուցեր են վանքեր, եկեղեցիներ եւ զանոնք որպէս ժառանգ թողեր սերունդներուն, սակայն այսօր անոնք աւերուած եւ կողոպտուած են:
Ինչո՞ւ…
Կսկծալի մտածումներով հեռացայ սրահէն, հետս տանելով նախնիներուս թողած անգնահատելի յուշերը եւ, անշուշտ շնորհակալութիւններս յայտնելով այն մեծ մարդուն, որ ջանք չէ խնայած ուսումնասիրելու, լուսանկարելու հայկական այն վայրերը, ուր ապրեր ու ստեղծագործեր են մեր նախնիները…