Սպիտակ տան Ազգային ապահովութեան խորհուրդի բանբեր Ճան Քըրպի, անդրադառնալով «Հըզպալլա»ի` իր մարտական ղեկավարներէն Ֆուատ Շուքրի ահաբեկման հակադարձութեան՝ յայտնեց հետեւեալը. ««Հըզպալլա»ի շղթայազերծած յարձակումները որեւէ ազդեցութիւն չունեցան (Կազայի մէջ) զինադադարի հաստատման վերաբերեալ (Գահիրէի մէջ) ընթացող բանակցութիւններուն վրայ»: Սակայն, Քըրպի հաստատեց, որ «Հըզպալլա»ի վերջին յարձակումը «իր տարողութեամբ աւելի մեծ էր եւ տարբեր, քան այն, ինչը ամէն օր կը տեսնէինք»:
«Իսրայէլի հետ իրանեան հաւանական որեւէ յարձակումի մը գծով համակարգում կը կատարենք», նշեց ան՝ աւելցնելով. «Պէտք է այնպէս ենթադրենք, որ Իրան տակաւին պատրաստ է Իսրայէլի վրայ յարձակում մը գործելու»:

«Իսրայէլի եւ «Հըզպալլա»ի միջեւ փոխադարձ կրակոցէն ետք, Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի ծիրին ընդլայնման վտանգները որոշ չափով նուազեցան, սակայն Իրան Իսրայէլին հարուած հասցնելը սերտելով՝ տակաւին կը շարունակէ մեծ վտանգ մը ներկայացնել: Իրան եւս կը սպառնայ յարձակում մը շղթայազերծել Իսրայէլի դէմ, «Համաս» շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէն անցեալ ամիս Թեհրանի մէջ ահաբեկելուն պատճառով», «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց Միացեալ Նահանգներու բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Չարլզ Պրաուն ամերիկեան զինուորական օդանաւի մը մէջ Միջին Արեւելք եռօրեայ այցելութենէն իր վերադարձի թռիչքին ընթացքին:
Ան «Հըզպալլա»ի կողմէ հարիւրաւոր հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր Իսրայէլի վրայ արձակելէն ժամեր ետք Իսրայէլ այցելած էր: Յարձակումը առաւել քան 10 ամիսէ ի վեր սահմանին վրայ արձանագրուած բախումներուն մեծագոյններէն մէկն էր: