
Հայաստանի եւ Արցախի շարք մը քաղաքացիական ներկայացուցիչներ տեսակապով հանդիպում ունեցան իրաւունքի դոկտոր, Միջազգային քրէական դատարանի դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի հետ: Հանդիպման ընթացքին հարցուեցաւ, թէ ի՛նչ իրաւական-քաղաքական գործիքներ կան՝ արցախցիներու իրաւունքներուն պայքարելու համար:
Օքամփօ մասնաւորաբար կարեւոր նկատեց ՄԱԿի Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւին դերը առանց պետութեան ժողովուրդներու իրաւական պաշտպանութեան մէջ՝ իբրեւ իրաւական կարեւոր գործիք:
Ան նաեւ նշեց, որ ՄԱԿի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերու գծով յատուկ խորհրդականը յայտարարեց, որ կայ ցեղասպանութեան վտանգ Արցախի մէջ, իսկ անիկա արդէն իսկ կ՛ենթադրէ միջազգային հանրութեան կողմէ գործողութեան պարտաւորութիւն: Այս պարունակին մէջ, նաեւ շատ կարեւոր պիտի ըլլայ, որ ՄԱԿի Կլիմայի փոփոխութեան ծիրին մէջ բարձրաձայնել գերիներու հարցը եւ ցոյց տալ, որ Ատրպէյճան անմեղ մարդիկ իբրեւ գերի կը պահէ իր բանտերուն մէջ։
Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ, որ աշխարհը ճանչցած է 1915ի Ցեղասպանութիւնը, սակայն անիկա որեւէ արդիւնք չէ տուած: Օքամփօ ըսաւ, որ աշխարհը շատ տարբեր է հիմա. այն ժամանակ չկար ՄԱԿի քրէական դատարանը, չկային ընկերային լրատուադաշտը, ցանցերը, Սփիւռքը եւ այլն: Եւ շատ բան կախեալ է նաեւ անկէ, թէ հայերը որքան փափաք պիտի ունենան պայքարելու:
Ան նաեւ ըսաւ, որ որքան ալ Ատրպէյճան հակառակը պնդէ, արցախցիները հողի սեփականատէրերն են, եւ ամէն ինչ կախեալ պիտի ըլլայ անկէ, թէ որքա՛ն պատրաստ պիտի ըլլանք պայքարելու: Ան խորհուրդ տուաւ արցախցիներուն՝ աւելի աշխոյժ ըլլալ իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ: