ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջին քանի մը շաբաթներուն, թրքական տեղեկատուական կարգ մը հարթակներ հրապարակեցին վիճայարոյց լուրեր՝ պնդելով, որ երկրին մէջ գաղթականներու թիւը կը հասնի առաւել քան 18-20 միլիոնի։ Այդ պնդումները հերքուեցան պատկան մարմիններու կողմէ։
Գաղթականներու վարչութիւնը, արձագանգելով երկրին մէջ օտարերկրացիներու թիւին վերաբերեալ տեղեկութիւններուն՝ հերքեց այն լուրերը, ըստ որոնց Թուրքիոյ մէջ կան սուրիացի 7 միլիոն գաղթականներ եւ 13 միլիոն այլ օտարազգիներ։ «Այս լուրը իրականութեան չի համապատասխաներ», յայտարարեց գաղթականներու վարչութիւնը՝ աւելցնելով. «Ներկայ դրութեամբ, երկրին մէջ առժամեայ պաշտպանութեան տակ կը գտնուին 3.9 միլիոն սուրիացի գաղթականներ։ Բացի այդ, միջազգային պաշտպանութեան տակ կը գտնուին 221 հազար օտարերկրացիներ եւ բնակութեան արտօնութեամբ՝ 1 միլիոն 104 հազար օտարերկրացիներ»։