

5 Սեպտեմբերին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Satellite Student Union շէնքին մէջ (2485 E. San Ramon Ave.), երեկոյեան ժամը 6:30էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ Քեն Խաչիկեանի Behind Closed Doors: In the Room with Reagan & Nixon հատորին ներկայացումը՝ հեղինակին կողմէ։
Քեն Խաչիկեան, որ տասնամեակներու ընթացքին եղած է ամերիկեան բազմաթիւ քաղաքական ընտրապայքարներու վստահելի խորհրդական եւ ճառեր գրողը նախագահ Ռանըլտ Ռեկընի, որ հանդիսացաւ Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին յստակօրէն հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան իրականութիւնը: Ան նաեւ եղած է նախագահ Ռիչըրտ Նիքսընի ճառերու հեղինակը, ինչպէս նաեւ անոր յատուկ խորհրդականը: Աւելի ուշ, ան օժանդակած է Նիքսընի յուշերը խմբագրելու աշխատանքին։ Խաչիկեան բացի Ռեկընի ճառերուն գլխաւոր հեղինակն ըլլալէ, նաեւ անոր յատուկ խորհրդականն էր:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին կայքէջը: