Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ «Ռուսիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ յետ-խորհրդային կարգ մը երկիրներ կը ձգտին շահ ստանալ Ռուսիայէն՝ փոխարէնը ոչինչ առաջարկելով։
Ան անգամ մը եւս անընդունելի եւ կոպիտ արտայայտութիւն մը ունեցաւ Հայաստանի հասցէին՝ ըսելով. «Մեզմէ բացի որոնց պէտք են հայերը»։ Ոչ ոքի։ Թող զարգացնեն իրենց տնտեսութիւնը եւ կողմնորոշուին իրենց միջոցներով։ Ի՞նչ Ֆրանսա կամ Մաքրոն։ Վաղը ան չ՛ըլլար, եւ բոլորը կը մոռնան Հայաստանը»։
Ըստ անոր՝ փաստօրէն, անոնք Ռուսիոյ հետ «նոյն նաւուն վրայ են»։
«Եթէ անիկա շրջի, մենք միասին պիտի խորտակուինք։ Չ՛արժեր գաղտնի պահել մեր դաշնակցային յարաբերութիւնները։ Մենք չենք վերաբերիր այլ պետութիւններու պէս, որոնք կը փափաքին միայն առնել Ռուսիայէն՝ ոչինչ տալով», ըսաւ Լուքաշենքօ։
Ան պնդեց, որ այս իրավիճակը չի կրնար շարունակուիլ։ «Եկէք միասին ըլլանք։ Շատ հեռու չէ այն ժամանակը, երբ ստիպուած պիտի ըլլաք դիմելու Ռուսիոյ՝ աջակցութեան համար։ Ճգնաժամի պարագային, ինչպէս եղաւ Ղազախստանի մէջ, բոլորը կը դիմեն Փութինի օգնութեան։ Եւ մենք (ՀԱՊԿը) արագ արձագանգեցինք՝ հոն ուղարկելով ուժեր եւ հանդարտեցնելով անկարգութիւնները», նշեց Լուքաշենքօ։
Ան յայտնեց, որ ծայրայեղ պարագայի ԱՊՀի երկիրները դարձեալ պիտի դիմեն Ռուսիոյ եւ Պելոռուսի՝ օգնութեան համար։
Լուքաշենքօ նաեւ լուսարձակի տակ առաւ տնտեսական կապերու պահպանման կարեւորութիւնը յետխորհրդային տարածքին մէջ։
«Ո՞վ կը սպասէ Ղազախստանի կամ Իւզպեքիստանի ապրանքներուն՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան մէջ։ Ո՛չ, անոնք կը ձգտին վաճառել Ռուսիոյ մէջ։ Մենք ընդհանուր շուկայ ունինք եւ զայն կորսնցնելը նպատակայարմար չէ», աւելցուց Լուքաշենքօ։