Դատաւոր Արմինէ Մելիքսէթեան մասնակիօրէն բաւարարեց Գերասիմ Վարդանեանի վերաբերեալ քննիչին միջնորդութիւնը` բանտարկութիւնը երկարաձգել մէկ ամիսով: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է անոր փաստաբանը՝ Սերգէյ Յարութիւնեան՝ աւելցնելով. «Վերացուեց ազգականներին տեսակցելու արգելքը»։
Նշենք, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դէմ բռնաճնշումներու ալիքի ծիրին մէջ կատարուած ձերբակալութիւններու շարքին էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Գերասիմ Վարդանեանի ձերբակալութիւնը։