Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին, Հայաստան ունի իր օրակարգը, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան՝ պատասխանելով հարցումին, թէ ի՛նչ է Պաքուիի նպատակը Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն մէջ եւ արդեօք Հայաստան պիտի երթա՞յ զիջումներու, որովհետեւ Ատրպէյճան կը շարունակէ նոր պահանջներ դնել եւ պարտադրել խաղի իր կանոնները:
«Մենք մեր օրակարգը ունենք, եւ բանակցութիւնները շարունակւում են: Արտաքին գործերի նախարարութեան վերջին յայտարարութիւնը կարդացի, որը նրա մասին էր, որ մեր օրակարգի կարեւոր կէտերից մէկը երկկողմանի ընդունուել է: Կարծում եմ՝ սա շատ կարեւոր կէտ է բանակցութիւնների շարունակութեան համար», ըսաւ Պապոյեան:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի պահանջով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը փոխելու վերաբերող հարցումին՝ նախարարը ըսաւ, որ Հայաստան իր Սահմանադրութիւնը կրնայ փոխել, երբ Հայաստանի քաղաքացիները այդպէս որոշեն:
«Որեւէ երկրի պահանջով Հայաստանն իր Սահմանադրութիւնը չի փոխի: Հայաստանը իր Սահմանադրութիւնը կը փոխի, թէ չի փոխի, դա Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործն է եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների, ժողովրդի, սահմանադիրի որոշելիքը», եզրափակեց Պապոյեան: