
ՎԱՆԱ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Իբրեւ սփիւռքահայ՝ յաճախ կը լսենք ձուլման վտանգներուն մասին: Մեզ միշտ կը նախազգուշացնեն, թէ որքան դժուար կրնայ ըլլալ պահպանել մեր ազգային ինքնութիւնը՝ շրջապատուած ըլլալով զանազան ազգերով, օտար երկրի մը մէջ:
Մանկութեանս ընթացքին, ես բախտը ունեցայ բնակելու Քալիֆորնիոյ մէջ, ուր շրջապատուած էի հայերով, ուր մարդիկ հայերէն կը խօսէին խանութներուն մէջ եւ ամէն տեղ, ուր շրջանակս կը տրոփէր հայոց անթառամ ոգիով: Աշխոյժ հայկական միջավայրին մը անդամ ըլլալով՝ կրցայ յաճախել հայկական դպրոցս՝ Հայ Քոյրերու վարժարանը, նախակրթարանէն մինչեւ ութերորդ դասարան, ուր ոչ միայն լեզուն, այլեւ մեր ժողովուրդի մշակոյթը եւ պատմութիւնը սորվեցայ: Ես երբեք յատուկ ջանք պէտք չունէի թափելու, որպէսզի կարենամ պահպանել ինքնութիւնս: Ինծի համար ՀԱՅ ըլլալը շնչելու պէս բնական էր – բան մը որ կը կատարէի առանց երկու անգամ մտածելու:
Եօթը տարեկանիս միացայ իմ տեղական ՀԵԴի «Շանթ» մասնաճիւղին: Անշուշտ, այդ տարիքին ճիշդ չէի հասկնար, թէ ի՛նչ էր ՀՅԴն, բայց կը յիշեմ որքան ոգեւորուած էի աւելի ներդրում ունենալու տեղական հայկական համայնքիս մէջ: Սակայն, տակաւին ՀԵԴին միանալս չէի տեսներ իբրեւ միջոց հայ ինքնութիւնս պահպանելու, որուն կարեւորութիւնը իմ ծնողքս ամրապնդած էր:

Երբ աստիճանաբար աւելին սորվեցայ, թէ՝ ի՛նչ կը նշանակէ ՀՅԴն եւ անոր անչափելի ազդեցութիւնը հայ ազգի պատմութեան վրայ, հիացումս Դաշնակցութեան հանդէպ սկսաւ աճիլ: Կը յիշեմ՝ ինչպէս մեր ՀԵԴի Պատանեկան միութեան վարիչները ջանք կը թափէին մեզի սորվեցնելու զոհողութիւններուն մասին մեր ֆետայիներուն, որոնց ազդեցութիւնը փորագրուած է միտքիս մէջ: Կամաց կամաց սկսայ հասկնալ, որ հակառակ իմ նախկին համոզումներուս, իմ հայ ըլլալս պարզապէս ինքնութիւնս պահելու մասին չէր, այլ բան մըն է, որուն միլիոնաւոր հոգիներ զոհաբերած են իրենց կեանքերը՝ զայն պաշտպանելու համար: Բայց, տակաւին իսկապէս չէի հասկցած, որ հայ ըլլալու պատասխանատուութիւնը կը կրէի:
Այդ բոլորը փոխուեցան, երբ ուսման ճանապարհս զիս ուղղեց դէպի UCLA համալսարանը: Այո, UCLA-ը՝ համալսարան մըն է Քալիֆորնիոյ մէջ, որ կը պարծենայ 500,000 թիւով հայկական համայնքով մը: Սակայն, առաջին անգամ ըլլալով կեանքիս մէջ, իմ անմիջական շրջանակէն դուրս՝ ոչ ոք գիտէր, թէ ո՛ւր է կամ ի՛նչ է Հայաստանը: Երբ կը հանդիպէի դասընկերոջ մը, որ նոյնիսկ չէր կրնար մատնանշել իմ հայրենիքը քարտէսին վրայ, աւելի եւ աւելի յստակ կը դառնար, որ հայ ինքնութեանս գոյատեւումը այլեւս երաշխիք մը չէ:
Այդ ժամանակ ես բոլորովին սկսայ հասկնալ մեր անհատական տաղանդներու օգտագործման կարեւորութիւնը՝ մեր համայնքին եւ հայրենիքին օգնելու համար: Հայաստան յարատեւ սպառնալիքի տակ է եւ պարզ է, որ իր փրկութիւնը միայն իւրաքանչիւր հայու ձեռքն է:
Եւ այսպէս, ես սկսայ փնտռել տարբեր ուղղութիւններ, որոնց միջոցաւ կրնայի օգնել Հայ Դատին: Գիտակցելով Հայ Դատի ջանքերուն մասին իմ ՀԵԴի մասնաճիւղէն՝ դիմեցի ՀԵԴի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական վարչութեան, որ զիս քաջալերեց դիմել Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Լէօ Սարգիսեան» վարժողական ծրագիրին եւ ես որքա՜ն երախտապարտ եմ որ կրցայ մասնակցիլ:
Այս փորձառութիւնը եղաւ այն, ինչը կը փնտռէի եւ աւելին: Իմ ուսանողական ծրագրին ընթացքին, ոչ մէկ վայրկեան ինքզինքս զգացած եմ իբրեւ անտարբեր դիտորդ: «Լէօ Սարգիսեան» վարժողական ծրագիրին միջոցով, ոչ միայն կրցայ օգտագործել իմ գիտելիքները, որպէսզի յառաջ մղեմ Հայ Դատը, այլ նաեւ սորվեցայ նոր հմտութիւններ, որոնք օգտակար պիտի ըլլան դառնալու Հայ Դատի ամէնէն լաւ զինուորը:
Հիմա որ «Լէօ Սարգիսեան» վարժողական ծրագիրի փորձառութիւնս կը մօտենայ իր աւարտին, ես կը քաջալերեմ սփիւռքահայ ուսանողները, որ իրենց լաւագոյն կարողութիւնները գործածէն հայութեան գոյութիւնը ամրապնդելու համար: «Լէօ Սարգիսեան»ը այս միջոցներէն մեկն է, սակայն, կան ուրիշ լաւ տարբերակներ, որոնք կրնան համապատասխանել ձեր հետաքրքրութիւններուն: Հիմա կրնամ օգտագործել հոս ստացած կարողութիւններս, որպէսզի հայկական հարցերը պաշտպանեմ իմ ապագայ փաստաբանութեան համալսարանին մէջ եւ գիտակցութիւն տարածել մեր ժողովուրդին:
Մենք, իւրաքանչի՛ւրս հայկական հանելուկին կենսական կտորն ենք, Հայաստանի գոյութեան համար: Որքան շուտ հասկնանք եւ ընդունինք այս իրականութիւնը, այնքան աւելի լաւ կը կարենանք երաշխաւորել մեր ազգին գոյատեւումը:
* Վանա Յովսէփեան կը բնակի Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա եւ անդամ է տեղւոյն ՀԵԴի «Ռուպէն» ուխտի: Ան վերջերս աւարտեց փիլիսոփայութեան ճիւղը Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն (UCLA) եւ կը ծրագրէ յաճախել փաստաբանական համալսարան: Ան մասնակցեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի 2024ի Լէօ Սարգիսեանի անուան վարժողական ամառնային ծրագիրին: