Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի հերքեց Թեհրանի եւ Երեւանի միջեւ ռազմական պայմանագիրի մը կնքման մասին շրջան ընող լուրը:
«Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Սոպհանի այսպիսի լուր մը տարածող աղբիւրները նկատեց ոչ-հաւաստի լրատուամիջոցներ, որոնք կեղծ տեղեկութիւններ հրապարակելու եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մասին կանխակալ վերլուծութիւններ ընելու «հարուստ փորձառութիւն» ունին:
Ան նշեց, որ այսպիսի լուրերու հրապարակման նպատակը Իրանի եւ տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման վրայ ազդելն է:
Սոպհանի ընդգծեց, որ Իրան կ՛աջակցի կովկասեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ տնտեսական զարգացման:
Յիշեցնենք, որ նախօրէին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մտացածին եւ յօրինուած որակած էր տարածուող այն լուրը, ըստ որուն, Հայաստան Իրանի հետ 500 միլիոն տոլարի սպառազինութիւն գնելու համաձայնագիր մը ստորագրած է:
Այս մասին տեղեկութիւն ունենալու համար, «Թերթ»ը դիմեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արամ Թորոսեանին, որ հերքեց Iran International կայքին տարածած տեղեկատուութիւնը, թէ Հայաստան եւ Իրան 500 միլիոն տոլարի սպառազինութեան գաղտնի համաձայնագիր մը ստորագրած են: