
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ վերջին տարիներուն ստացուած առաւել քան 4000 նիւթերու եւ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Վերապրածների Յուշագրութիւններ» մատենաշարի երեք հատորներու եւ գիտական պարբերականներու շնորհահանդէսը:
«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Էդիտա Գզոյեան տեղեկացուց, որ շնորհահանդէսին ընդգրկուած են նախորդ տարի «Ցեղասպանագիտական Հանդէս» եւ «International Journal of Armenian Genocide Studies» գիտական պարբերականներու տպագրուած 2ական թիւեր, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրածներու յուշագրութիւններու շարքի հատորները եւ ռուսերէն, ֆրանսերէն հրատարակուած գիտական 2 աշխատութիւններ:

«Ինչ վերաբերում է նիւթերին, ապա դրանք Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտին վերջին տարիներին տրուած նուիրատուութիւններն են: Դրանք բաւականին մեծ թիւ էին կազմում, այդ պատճառով որոշեցինք շնորհանդէսի ձեւով ներկայացնել. 4000ից աւել անուն նիւթ ենք ստացել: Դրանք ընդգրկում են, օրինակ՝ բնօրինակ լուսանկարներ ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան, այնպէս էլ համիդեան կոտորածների տարիներին արուած: Բաւականին մեծ թուով լուսանկարներ ենք ստացել նաեւ Արցախում տեղի ունեցածի հետ կապուած», բացատրեց Գզոյեան՝ աւելցնելով, որ աշխարհի զանազան անկիւններէ՝ Լիբանանէն, Յունաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Ռուսիայէն ստացուած նիւթերուն մէջ կան նաեւ յուշագրութիւններ ու օսմանատառ փաստաթուղթեր:
Անոնց մաս կը կազմեն նաեւ տակաւին չհրապարակուած ֆրանսահայ լուսանկարիչ Արշակ (Մաքս) Սիւասլեանի լուսանկարները, որոնք կը ներկայացնեն դրուագներ թէ՛ 1992ի, եւ թէ 2016ի Արցախի պատերազմներէն:
Շնորհահանդէսին ներկայ էին նուիրատուներու եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգորդներ, որոնց նախնիներուն յուշագրութիւնները ներկայացուեցան: