Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մտացածին եւ յօրինուած որակեց տարածուող այն լուրերը, ըստ որոնց, Հայաստան Իրանի հետ 500 միլիոն տոլարի սպառազինութիւն գնելու համաձայնագիր մը ստորագրած է:
Այս մասին տեղեկութիւն ունենալու համար «Թերթ»ը դիմեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արամ Թորոսեանին, որ հերքեց Iran International կայքին տարածած տեղեկատուութիւնը, թէ Հայաստան եւ Իրան 500 միլիոն տոլարի սպառազինութեան գաղտնի համաձայնագիր մը ստորագրած են: