
Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ ամբողջ աշխարհի հայերուն կոչ ուղղեց՝ համախմբուելու եւ լրատուական դաշտին մէջ արշաւի սկսելու Պաքուի յանցանքներուն դէմ՝ այս պարունակին մէջ օգտագործելով Նոյեմբերին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿի կլիմայի փոփոխութեան 29րդ համաժողովը (COP29):
Ստորեւ՝ Օքամփոյի՝ հայերուն ուղղած բաց նամակը.
«Հայե՛ր, դուք՝ վերածնած էք 1915ի Ցեղասպանութեան մոխիրներէն, կանգնած էք իբրեւ տոկունութեան եւ մարդկային յարատեւ ոգիի վկայութիւն: Այսօր դուք ունիք եզակի ուժ՝ պաշտպանելու արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը համաշխարհային մակարդակի վրայ: Դուք կրնաք հանրայնացնել նախագահ Իլհամ Ալիեւի բոլոր չարաշահումները: Ան թիրախ դարձնէ իր քաղաքացիները Ատրպէյճանի մէջ եւ վայրագութիւններ գործեց հայերուն դէմ Լեռնային Ղարաբաղի/Արցախի մէջ՝ նոյն ատեն, կեղծաւոր կերպով իր երկիրը յառաջատար ներկայացնելով կլիմայական համաշխարհային քննարկումներու շրջանակին մէջ:
«Կլիմայի փոփոխութեան հարցերու գծով ՄԱԿի 29րդ համաժողովը (COP29), որ տեղի պիտի ունենայ այս Նոյեմբերին, Ատրպէյճանի մէջ, բացառիկ կարելիութիւն կու տայ լոյս սփռելու այս լուրջ անարդարութիւններուն վրայ: Հակառակ անոր որ Ատրպէյճան այս ժողովը կը ներկայացնէ իբրեւ «խաղաղութեան համաժողով», սակայն հայերը պիտի բացայայտեն Ալիեւի վարչակազմին եւ անոր գործողութիւններուն վերաբերող ճշմարտութիւնը։
«Դուք՝ ցրուած ամբողջ աշխարհի տարածքին, եզակի կարելիութիւնը ունիք պաշտպանելու ոչ միայն ձեր ժողովուրդը եւ ձեր հողը, այլ նաեւ՝ արդարութեան եւ բնապահպանական ամբողջականութեան աւելի լայն շահերը: Դուք կրնաք գլխաւորել համաշխարհային շարժումը եւ ներգրաւել այլ շահագրգիռ համայնքներ՝ անդրադառնալով մեր ժամանակի երկու ամէնէն հրատապ հարցերուն՝ կլիմայի փոփոխութեան եւ ցեղասպանութեան»:
«COP29-ի ընթացքին զինադադար հաստատելու վերաբերող Ատրպէյճանի առաջարկը դատարկ է, այնքան ատեն որ Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդները եւ միւս քաղաքական բանտարկեալները անվերապահօրէն ազատ չեն արձակուած տակաւին։
«Պարզապէս միջազգային իրաւունքի սկզբունքները քննարկելը բաւարար չէ. անոնք պէտք է աշխոյժ կերպով կիրարկուին։ Հայ համայնքի ղեկավարները եւ քաղաքացիական գործիչները պէտք է համախմբեն աշխարհի քաղաքացիները՝ լրագրողներէն մինչեւ կլիմայի գործիչներ, միջազգային իրաւունքի սկզբունքները կեանքի կոչելու համար: Օգտագործելով ժամանակակից արհեստագիտութիւնները՝ դուք կրնաք լսելի դարձնել ձեր ձայնը եւ ապահովել Կլիմայի փոփոխութեան եւ ցեղասպանութեան մասին պայմանագիրի պահպանումը:
«Ես կը պաշտպանեմ քաղաքացիական շարժումի գաղափարը, որ կը հակասէ կեղծաւորութեան եւ կը պահանջէ իսկապէս խաղաղ COP29: Մեր առաջին քայլը աշխարհի հայ համայնքը համախմբելն է եւ լրատուական արշաւի սկսիլը՝ օգտագործելով #COP29 եւ #StopGreenwashGenocide հեշթեկները, եւ դուք կրնաք աւելցնել #FreeArmenianHostages կամ #FreePoliticalPrisoners հեշթեկները: Անոնց օգտագործումով ընկերային դաշտի լրատուամիջոցներու ամէնօրեայ գրառումները թափ պիտի ստանան, պիտի ներգրաւեն այլ համայնքներ եւ պիտի գրաւեն գլխաւոր լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը: Այս համակարգուած ջանքերը COP29-ին մասնակցող լրագրողներուն, պատուիրակներուն եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն պիտի ստիպեն Ատրպէյճանի դիմաց բարձրացնել հայ պատանդներուն եւ քաղաքական բանտարկեալներուն վերաբերող հարցերը:
«Նպատակը յստակ է. COP29-ը, որ իսկապէս հանդէս կու գայ խաղաղութեան օգտին, պէտք է նշանաւորուի Պաքուէն հայ պատանդներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումով: Պատրաստուեցէ՛ք, հայ համայնքնե՛ր, 23 Յուլիսին պիտի սկսի իսկապէս խաղաղ COP29-ը։
«Դուք ունիք յանձնառութիւն եւ վճռականութիւն՝ ղեկավարելու այս փոխակերպիչ շարժումը: Համախմբելով համաշխարհային համայնքները՝ դուք կրնաք երաշխաւորել, որ COP29-ը անդրադառնայ ոչ միայն կլիմայի փոփոխութեան, այլ նաեւ պաշտպանէ մարդու իրաւունքները եւ արդարութիւնը:
«Հայե՛ր, ժամանակն է ղեկավարելու շարժումը. օգտագործեցէք ձեր ձայնը:
«Ես եւ շատ ուրիշներ պիտի հետեւինք ձեզի»։