«Այն, ինչը Կազայի մէջ տեղի կ՛ունենայ, կարելի չէ ընդունիլ, եւ կը զօրակցինք Միջազգային արդարադատութեան դատարանի որոշումի գործադրութեան», յայտնեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել:
Յիշեցնենք, որ դատարանը ապօրինի նկատած էր պաղեստինեան գրաւեալ հողերուն վրայ Իսրայէլի ներկայութիւնը։
«Ներկայիս Իսրայէլի հետ գործակցութիւնը ներկայ կացութեան լոյսին տակ չենք կրնար բնական կերպով շարունակել», յայտարարեց Պորել՝ աւելցնելով. «Իսրայէլ կրնայ պատմութիւնը իր ուզած ձեւով մեկնաբանել, սակայն միջազգային օրէնքը յարգելը պարտաւորիչ է, եւ Եւրոպական Միութեան մէջ նկատի պիտի առնենք զայն գործադրելու կարելիութիւնը»:
Պորել նաեւ յայտնեց, որ Կազայի վերաշինութիւնը կրնայ 10 տարի տեւել: