Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը՝ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 80ամեակին առիթով:
«Կ՛ուզեմ հաստատել, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ միշտ աջակցիլ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան կառավարութեան` երկրին գերիշխանութիւնը, միասնականութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, ազգային ապահովութիւնը եւ ներքաղաքական կայունութիւնը պաշտպանելու ձգտումը: Ռուս-սուրիական կապերու ամբողջ համալիրի հետագայ զարգացումը բոլորովին կը համապատասխանէ մեր ժողովուրդներու շահերուն եւ համահունչ է շրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման», կ՛ըսուի Ռուսիոյ նախագահի ուղերձին մէջ, որ հրապարակուած է Քրեմլինի կայքին վրայ: