
Եմէնի հուսիներու վերահսկողութեան տակ գտնուող զինեալ ուժերը իսրայէլեան Իլաթ նաւահանգիստին դէմ եւ Կարմիր ծովուն մէջ թեւաւոր հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով կատարեցին երկու գործողութիւններ` հակադարձելով Շաբաթ երեկոյեան Եմէնի վրայ Ամերիկա-Բրիտանիա-Իսրայէլ յարձակումին:
Եմէնի զինեալ ուժերու բանբեր Եհիա Սարիհ Կիրակի օր յայտարարեց, որ իրենց ուժերը շարք մը հեռահաս հրթիռներով հարուածեցին Ըմ Ռաշրաշ (Իլաթ) շրջանին մէջ կարեւոր թիրախ մը, իսկ երկրորդ գործողութեամբ մը հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով հարուածեցին Կարմիր ծովուն մէջ գտնուող ամերիկեան «Փումպա» նաւը:
Սարիհ ըսաւ, որ Եմէնի վրայ իսրայէլեան յարձակումին հակադարձութիւնը «հաստատօրէն տեղի պիտի ունենայ եւ մեծ պիտի ըլլայ»:
Նշենք, որ իսրայէլեան օդուժը Շաբաթ երեկոյեան Հտէյտա նաւահանգիստին մէջ քարիւղի պահեստի կառոյցները, ելեկտրակայանը եւ նաւահանգիստը հարուածեց` պատճառելով առնուազն 3 զոհեր եւ 87 վիրաւորներ:
«Սէուտական Արաբիա որեւէ կապ կամ մասնակցութիւն չունի Հտէյտան թիրախ դարձնելուն հետ», յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր զօր. Թուրքի Մալիքի:
Փենթակոնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ Կալանթի հետ քննարկեց Եմէնի վրայ իսրայէլեան յարձակումները եւ վերահաստատեց «Իսրայէլի ապահովութեան եւ ինքզինք պաշտպանելու իրաւունքին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը»:
«Եմէնի մէջ վառող կրակը կարելի է տեսնել Միջին Արեւելքի բոլոր կողմերէն, եւ ամէն անգամ որ պէտք ըլլայ, պիտի կրկնենք զայն: Եթէ հուսիները համարձակին մեր վրայ յարձակում գործել, զանոնք պիտի ռմբակոծենք: Հուսիները առաւել քան 200 անգամ մեր վրայ յարձակեցան, եւ վերջին յարձակումը պատճառ դարձաւ իսրայէլացի քաղաքացիի մը մահուան», ըսաւ Կալանթ` աւելցնելով. «Մեր քաղաքացիներուն արիւնը ի զուր պիտի չհոսի, եւ Լիբանանի ու Եմէնի մէջ եւ այլուր անոր կը գիտակցին»:
Լիբանանեան «Հըզպալլա»ն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց, որ իսրայէլեան յարձակումը շարունակութիւնն է Եմէնի վրայ Ամերիկա-Բրիտանիա յարձակումին եւ պաշարումին:
«Մեր կարծիքով` սիոնական թշնամիին կատարած այս յիմար արարքը ամբողջ շրջանի մակարդակին չափազանց կարեւոր դիմակայութեան մէջ նոր ու վտանգաւոր փուլի մը ազդանշան է», յայտարարեց «Հըզպալլա»ն:
Իրաքի մէջ Իսլամական դիմադրութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ երէկ արշալոյսին անօդաչու թռչող սարքով մը յարձակում գործած է Իլաթի մէջ «կենսական թիրախի մը վրայ»: